
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 23 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ: Առիթը հիմնականօրէն տօնական էր. «Լրացել է Արցախի արտաքին գործերի գերատեսչութեան կազմաւորման 21ամեակը: Բացի դրանից, խոստացել էի, որ մեր հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն: Պատրաստ եմ լսելու ձեր կարծիքները մեր կառոյցի աշխատանքների, ինչու չէ, նաեւ մեր բացթողումների մասին», ըսած է նախարարը:
Հարցում–պատասխանի բաժինին անցնելէ առաջ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը համառօտ կերպով ներկայացուցած է այս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները: «Բաւականին աշխատանք է կատարուել՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործընթացում առկայ դրական միտումների ամրապնդմանը: Այդ մասին են վկայում մի շարք երկրների կողմից ընդունած հռչակագրերը, յայտարարութիւնները՝ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը սատարելու վերաբերեալ»:
Կարէն Միրզոյեան խօսած է նաեւ կարգ մը երկիրներու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին, ինչ որ կը հաւաստիացնէ պետականաշինութեան իմաստով Արցախի բռնած ուղիին ճիշդ ըլլալը:
«Առաջիկայում սպասւում են նոր գործընկերների հետ համագործակցութեան ծրագրեր: Հնարաւոր է, նաեւ, համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր ու նոր մօտեցումներ», դիտել տուած է Միրզոյեան:
Արտաքին քաղաքական նախարարութեան ղեկավարը այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ ողջունելի նկատած է հաստատուող փոխյարաբերութիւնները երկու երկիրներու քաղաքական ուժերուն միջեւ. «Այս մակարդակում յարաբերութիւնները նոր մօտեցում է եւ խօսում է այն մասին, որ, նախ, Արցախում քաղաքական ուժերն են կայացել եւ կարող են լինել պատասխանատու գործընկերներ, ինչպէս նաեւ, սա վկայում է այն մասին, որ Արցախի ներքին կեանքը հետաքրքիր է այլ երկրներին»:
Ան նաեւ անդրադարձած է բանակցային գործընթացին. «Չենք կարող առաջընթացի մասին խօսել: Մեր գնահատականը մնում է նոյնը՝ ստեղծուած իրավիճակում միակ պատասխանատուն ադրբեջանական կողմն է, որը հետեւողականօրէն ձեռնարկում է բոլոր հնարաւոր քայլերը՝ սկսած շփման գծում լարուածութեան ուժեղացումից՝ դանդաղեցնելու բանակցային գործընթացը կամ էլ բերելու այն փակուղի», դիտել տուած է արտաքին գործոց նախարարը, միեւնոյն ժամանակ համոզմունք յայտնելով այն մասին, որ բանակցային գործընթացի կարելիութիւնը սպառած չէ, եւ եթէ կողմերը փափաքին, բանակցային գործընթացին մէջ կարելի է ապահովել յառաջընթաց, որ առիթ կու տայ մօտենալու հիմնահարցի կարգաւորման. ան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմերուն կառուցողական մօտեցումը եւ ցանկութիւնը առկայ է:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներէն մէկը Ռուսիան է, որ վերջերս բաւական արագ ճանչցաւ Խրիմի ինքնորոշման իրաւունքը: Karabakh-life-ի թղթակիցը նախարարին հարցուցած է, որ միջնորդ խումբի ռուս համանախագահին հետ անդրադարձ կատարուա՞ծ է արդեօք այն հանգամանքին, թէ ինչո՛ւ ինքնորոշման իրաւունքի նկատմամբ Ռուսիան երկակի չափանիշեր կը կիրարկէ:
Միրզոյեան յայտնած է, որ քաղաքականութեան մէջ նախադէպերով առաջնորդուիլը ճիշդ չէ. «Այդպիսի մօտեցումը կը տանի փակուղի: Մենք պէտք է առաջնորդուենք ոչ թէ նախադէպերով, այլ սկզբունքով: Այս տեսակէտից ելնելով, ես անիմաստ եմ համարում համադրել Ղրիմի եւ Արցախի իրավիճակը, կամ համեմատութիւններ տանել Կոսովոյի հետ: Մենք պէտք է խօսենք նրա մասին, որ կայ միջազգային իրաւունքի չափանիշ՝ ինքնորոշման իրաւունք, որը համընդհանուր է եւ ունի նոյն իրաւական ուժը, որքան տարածքային ամբողջականութեան հարցը եւ մենք պէտք է խօսենք հէնց դրա մասին, որ ինքնորոշման իրաւունքի կիրառումը թոյլ է տալիս գտնել նման վիճայարոյց հարցերում»:
Մինսկի խումբի ռուս համանախագահին կարծիքին անդրադառնալով՝ Կ. Միրզոյեան նշած է, որ միջնորդները առանձին տեսակէտներ չեն արտայայտեր, անոնց յայտարարութիւնները եռանախագահող երկիրներու տեսակէտի դրսեւորումն է: «Հէնց դրանում է Մինսկի խումբի արդիւնաւէտութեան գրաւականը: Հակառակ դէպքում, միջնորդական առաքելութեան կործանման կը հասնեն»: