
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանական յարձակումներուն, խափանարարական գործողութիւններուն, հայկական սահմաններէն ներս թափանցելու փորձերուն հայկական բանակի պատասխանը որքանո՞վ ազդու է, եւ ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի թշնամին այնպիսի հարուած ստանայ, որ այլեւս չմտածէ իսկ նման արկածախնդրութիւններ կատարել:
Այնքա՛ն ատեն, որ այս գործողութիւնները կը կրկնուին՝ կը նշանակէ, որ հայկական պատասխանը զանոնք կասեցնելու ուժգնութիւնը չէ ունեցած: Նոյնիսկ եթէ իրապէ՛ս հայկական կողմին տուած մէկ նահատակին փոխարէն ազերի բանակը տասը զինուոր կորսնցնէ, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր յարձակումի պարագային հայկական զինեալ ուժերը յառաջանան, ատրպէյճանական դիրքեր չէզոքացնեն ու գրաւեն, տակաւին այնպէս կը թուի, թէ այս վնասները արհամարհելի են Ատրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու աչքին:
Ուրեմն, պէտք է գտնել այն պատասխանը, որ վճռականօրէն պիտի համոզէ Ատրպէյճանը, թէ ի զուր են իր փորձերը եւ անիրականանալի՝ իր հաշուարկները:
Այդ պատասխանը անպայմանօրէն պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւն մը ըլլալու պէտք չունի: Ամէնէն ազդեցիկ պատասխանը համոզելն է Ատրպէյճանը, թէ ինք իր որդեգրած ռազմավարութիւնը յաջողցնելու հնարաւորութիւն չունի: Իսկ ի՞նչ կը հետապնդէ այդ ռազմավարութիւնը: Ամէնօրեայ մաշեցնող կռիւներով ու դաւադիր հարուածներով զոհեր խլելով, Ատրպէյճանի ռազմավարութեան նպատակն է Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդը հոգեբանական ճնշումի տակ առնելով՝ զայն բարոյալքել ու զիջման մղել:
Եթէ արտագաղթի ծաւալները մեր ժողովուրդի բարոյական կորովին չափորոշիչը նկատենք, ապա հաստատապէս կարելի է պնդել, թէ Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը կ՛արձանագրէ յառաջխաղացք, զոր կրնայ կասեցնել միայն ազգային, առողջ, ժողովուրդի մը բարօրութեան նուիրուած քաղաքական ղեկավարութիւնը: