Յուլիս ամսուան սկիզբը, Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի Ազգային ակադեմական թատրոնի սրահին մէջ, հանդիսաւորապէս մեկնարկեց «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնը՝ ներկայութեամբ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, բազմաթիւ այլ պետական ու հասարակական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Արցախէն եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրերու:
Այս տարի, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու բախտաւորութիւնը պիտի ունենան Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ երգչախումբեր, պարախումբեր, երաժիշտներ, անհատ կատարողներ եւ լրագրողներ: Անոնց շարքին է Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան (ՔՀԵՄ) «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի:
«Կոմիտաս» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Օգոստոս 1ի միջոցառման՝ «Իմ Հայաստան» փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութեան, որ նուիրուած է Յովհ. Չեքիճեանի 85ամեակին: Իսկ Օգոստոս 2ին, ելոյթ պիտի ունենայ Սփիւռքէն ժամանած բոլոր երգչախումբերուն հետ: Օգոստոս 3ին, անիկա ելոյթ պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ, Օգոստոս 4ին՝ Երեւանի մէջ, Օգոստոս 5ին՝ «Իմ Հայաստան» փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, իսկ Օգոստոս 7ին, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտաս» երգչախումբի յատուկ համերգը, որ հովանաւորուած է սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Ոգեւորութիւնը մեծ է Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան մեծ ընտանիքին, մանաւանդ՝ «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամներուն, որոնք գեղեցիկ երազի մը իրականացումը պիտի վայելեն՝ մշակոյթով, արուեստով ու միասնականութեան ոգիով յագեցած հայրենական իրենց հարազատ միջավայրին մէջ: Այս առթիւ, ՔՀԵՄը շնորհակալ եւ երախտապարտ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերճ Սարգսեանին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին, հայ արուեստի զարգացման նպաստող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի իրականացման առթիւ: Վստահաբար, «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամ-անդամուհիները Քալիֆորնիա պիտի վերադառնան վերանորոգուած, առաւել զօրացած ու հպարտ՝ իրենց հայութեամբ ու հայրենիքով: Բարի երթ եւ դարձ «Կոմիտաս» երգչախումբին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.