ՊՈԼԻՍ.- Քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Իտրիս Պալուք խնդրայարոյց ելոյթ մը ունեցաւ՝ խօսքը ուղղելով իշխանութիւններուն եւ ըսելով. «Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ ամէն օր առաւել եւս կը թաղուիք ճախճախուտի մէջ»։
Պալուք կառավարութեան յանձնարարեց քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի գաղափարներէն օգտուիլ, որպէսզի փրկուի այս ճախճախուտէն։
Քննադատելով Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը՝ Պալուք ըսաւ. «Սուրիոյ քաղաքականութեան մէջ, Իրաքի քաղաքականութեան մէջ, Քիւրտիստանի քաղաքականութեան մէջ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ ամէն օր քիչ մը եւս կ՛ընկղմինք ճախճախուտի մէջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.