Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ իր իսկ քաղաքացիներուն նկատմամբ մարդկային իրաւունքներու համատարած ոտնահարումներուն եւ Հայաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Իրանի, Իրաքի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հետ կապուած արտաքին քաղաքականaութեան կոպիտ սխալներուն պատճառով, Թուրքիան կորսնցուցած է զօրակցութեան զգալի մասը, զոր ատենօք կը վայելէր Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ:
Այս անկման վերջին ապացոյցը Քոնկրեսի թիւ 4347 բանաձեւի (Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու հաշուետուութեան վճիռ) ընդունումն է Յունիս 26ին, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններուն պատճառով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ձեռնպահ մնաց իր քաղաքական դրամագլուխը վատնելէ՝ օրինագիծի ընդունումը կանխելու համար:
Բացի ատկէ, ներթրքական վէճերը, որոնցմէ մէկը առկայ է Էրտողանի եւ Թուրքիոյ ու արտերկրի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող թուրք կրօնական Ֆեթհուլլա Կիւլենի միջեւ, Անգարան զրկեցին կարեւոր զօրակցութենէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կիւլենի համակիր խումբերը ոչինչ ըրին փրկելու համար Էրտողանի կառավարութիւնը նուաստացուցիչ պարտութենէ՝ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ:
Ներքին՝ այլ քաղաքական բանավէճի մը պատճառով Ամերիկայի թրքական միութիւնը հրաժարեցաւ ստորագրելէ երեք այլ թուրք-ամերիկեան խումբերու նամակը, որ ուղարկուած էր Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբի անդամներուն՝ ընդդէմ եկեղեցիներու օրինագիծին: Թր-քական խումբերը կողմնակիցներու յուսահատ որոնումներուն մէջ, իրենց լոպիիստական ջանքերուն մէջ կրցան ներգրաւել Ամերիկայի ատրպէյճանական խորհուրդը, որ ընդհանրապէս պէտք չունէր ներգրաւուելու Թուրքիոյ քրիստոնէական եկեղեցիներու կարգավիճակի հարցին մէջ: Ստորագրելով նման թշնամական համատեղ նամակ՝ ատրպէյճանական խումբը աւելի սրեց յարաբերութիւնները աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, ալ աւելի բարդացնելով արցախեան տագնապի արդար կարգաւորման ձեռքբերումը:
Վերջապէս, Թուրքիոյ կառավարութեան բախումը Իսրայէլի հետ՝ «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ յարձակումէն ետք եւ վերջերս Թուրքիոյ նոր դեսպան Սերտար Քըլըճի խիստ նամակը Ամերիկայի հրէական կոմիտէին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, զրկեցին Անգարան որեւէ լոպիիստական զօրակցութենէ, զոր անիկա սովորաբար կը ստանար Քոնկրեսի մէջ Իսրայէլի կառավարութենէն եւ Ամերիկայի որոշ հրէական կազմակերպութիւններէ:
Աւանդական դաշնակիցներու ամէն տեսակի զօրակցութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնար ապաւինիլ միայն իր վարձկաններուն՝ սուղ վարձատրուող ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններու օժանդակութեան՝ իրականացնելու համար թրքական հետեւողական մարտավարութիւնը, որ կը կիրարկուի ընդդէմ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան, զոր Անգարան կը համարէ իր շահերուն դէմ.
1.- Վճռականօրէն խափանել որեւէ հակաթրքական նախաձեռնութիւն՝ կանխելով անոր քննարկումը.
2.- Եթէ առաջին քայլը չի յաջողիր, փոփոխութիւններ առաջարկել նախաձեռնութիւնը տկարացնելու համար.
3.- Նոյնիսկ նախաձեռնութիւնը տկարացնելէ ետք, ճնշում գործադրել յանձանժողովի անդամներուն վրայ՝ դէմ քուէարկելու համար:
Եկեղեցիներու օրինագիծի պարագային, թրքական կառավարութիւնը չյաջողեցաւ խափանել անոր քննարկումը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, եւ անիկա անզօր գտնուեցաւ բաւարար չափով քուէներ հաւաքելու՝ օրինագիծը ձախողցնելու համար: Միակ բանը, որ կրնար ընել Անգարան Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ զօրակցող խումբի որոշ անդամներէն խնդրելն էր, որ անոնք փոփոխութիւններ առաջարկէին օրինագիծը տկարացնելու համար: Այս մարտավարութիւնը փոքր չափով արդիւնաւորուեցաւ, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ քոնկրեսական Էտուարտ Ռոյս փորձեց համախոհութեան հասնիլ այս օրինագիծին վերաբերեալ՝ փորձելով ներգրաւել քանի մը տարակարծիք քոնկրեսականներ:
Ի վերջոյ, առողջ դատողութեամբ անձ մը ինչպէ՞ս կրնար դէմ քուէարկել օրինագիծի մը, որ կոչ կ՛ուղղէր կրօնական կառոյցները, տուեալ պարագային՝ քրիստոնէական եկեղեցիները, վերադարձնելու իրենց իսկական տէրերուն…
Ասիկա երկրորդ մեծ պարտութիւնն է, զոր Թուրքիան կը կրէ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին: Ապրիլ 10ին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ձայներու 12 կողմ եւ 5 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ, որ եւս մէկ վկայութիւն է Ուաշինկթընի մէջ թրքական քաղաքական ազդեցութեան անկման մասին: Բաւական է կարդալ վերջին երկու յօդուածները, որոնք հրապարակուած են «Նիւ Եորք Թայմզ» («Ապստամբներու առջեւ ճանապարհ բանալէ ետք Թուրքիան սուղ կը վճարէ») եւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» թերթերուն մէջ («Անօգուտ դաշնակից»), որպէսզի տեսնուի իր երկրի վարկին Էրտողանի հասցուցած վնասին չափը:
Բացի ազդեցութեան կորուստէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ՝ վճարելով հզօր եւ ազդեցիկ, սակայն, ըստ էութեան, անպէտք ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններու, որոնք մեծ խոստումներ տալով՝ կը գրպանեն հսկայ գումարներ եւ գրեթէ ոչ մէկ օգուտ ունին: Ե՞րբ պէտք է Թուրքիոյ ժողովուրդը հաշիւ պահանջէ իր կաշառակեր եւ անպատասխանատու ղեկավարներէն, որոնք կը վատնեն թուրք քաղաքացիներու դժուարութեամբ վաստակած հարկային տոլարները՝ ի զուր փորձելով արդարացնել ցեղասպանի իրենց պատմութիւնը:
Վերլուծաբանները կը կանխատեսեն, որ հակառակ վարչապետ Էրտողանի ներքին թէ արտաքին աղէտալի քաղաքականութեան, կ՛ակնկալուի, որ ան ընտրուի նախագահ այս տարուան Օգոստոսին:
Հայերը, յոյները, քիւրտերը եւ միւս ճնշուած ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները շատ ուրախ պիտի ըլլան տեսնելու Թուրքիան ղեկավարող ապաշնորհ առաջնորդ մը, որ ծունկի պիտի բերէ երկիրը…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը