ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի 100ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ:
Ողջոյնի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մայր աթոռի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Ասողիկ քհնյ. Կարապետեանը, որ արժեւորեց «Ժամանակ» օրաթերթի անցած ուղին՝ ընդգծելով պարբերականին ունեցած դրական ազդեցութիւնը պոլսահայ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին վրայ:
Բանախօսութեամբ հանդէս եկան ՀԲԸՄի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Յովիկ Էօրտէքեանն ու Մայր աթոռի Պաշտօնական մամլոյ եւ հրատարակչական բաժիններու տնօրէն Շահէ վրդ. Անանեանը՝ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարելով «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան ու հարիւրամեայ գործունէութեան, նաեւ ընդգծելով օրաթերթին ունեցած կարեւորագոյն տեղն ու դերը հայկական մամուլի կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ «Ժամանակ»ի լաւագոյն հրապարակումներէն ու հեղինակներէն՝ Զապէլ Եսայեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Զահրատէն կատարուած ծաղկաքաղը ընթերցեց Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Անկէ ետք հայ եւ արեւմտաեւրոպական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մայր Տաճարի երգչախումբը՝ որպէս ձօն «Ժամանակ» օրաթերթին:
Հանդիսութեան ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը: Գոհունակութեամբ անդրադառնալով «Ժամանակ»ի 100ամեայ յոբելեանին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն՝ Պոլսոյ եւ Հայաստանի մէջ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց յոբելեանի տօնախմբումով նպաստած բոլոր անձերուն եւ կառոյցներուն՝ մեծ պատիւ նկատելով նաեւ այն, որ այդ հանդիսութիւններու եզրափակումը տեղի կ՛ունենայ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հովանիին տակ՝ օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի: Իր խօսքին մէջ Ա. Գոչունեան ներկայացնելով օրաթերթին ստանձնած առաքելութիւնը՝ նշեց, որ հայ կեանքի քաղաքական, համայնքային, մշակութային անցուդարձերուն զուգահեռ, օրաթերթի էջերուն մէջ լայն տեղ կը տրուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Մայր աթոռ Սուրբ էջմիածինի գործունէութիւնը՝ միշտ ի մտի ունենալով հայ եկեղեցւոյ հայապահպան եւ հոգեւոր դերակատարութիւնը: Վերջին տարիներուն օրաթերթին նկատմամբ ցուցաբերած իր ջերմ վերաբերմունքի համար շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ «Ժամանակ»ի խմբագիրը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինին նուիրեց թերթի 100ամեայ յոբելեանին առիթով պատրաստուած օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գոչունեանի կիսանդրին:
Հանդիսութեան աւարտին իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.