ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Մոտոսիրողներու «æոկատ» (Armenian Brigade Motorcycle Riders Club, կամ՝ «The Brigade») բարեսիրական կազմակերպութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ հայկական քաղաքական աւանդական երեք ուժերուն՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւններուն վերջերս հրապարակած հաղորդագրութիւնը, ուր անոնք իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը ցոյց կու տան միացեալ ջանքերով կազմակերպելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները:
Նորաստեղծ Armenian Brigade Motorcycle Riders Club-ը ընդամէնը ունի կէս տարուան կեանք. անոր նպատակն է քով քովի բերել նուիրեալ մոտոսիրողներ՝ ստեղծելով անշահախնդիր ու անսակարկ մօտեցում, ինչպէս նաեւ motorcycle-ներով օգտակար ժամանցի շնորհիւ՝ օժանդակել կազմակերպութեան անդամներուն, ընտանիքներուն եւ համայնքին: Կազմակերպութիւնը կը տանի բացարձակ մարդասիրական, ընկերային, բարեգործական եւ հասարակական աշխատանք՝ օգտակար հանդիսանալով բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ դրամահաւաքի թէ այլ գործունէութիւններու միջոցով:
«æոկատ»ի անդամները մեծ սէր ունին motorcycle-ի հանդէպ եւ կը ջանան անդամագրել տարբեր սերունդի պատկանող ամէն տարիքի անդամներ: «æոկատ»ը կը յարգէ նմանատիպ բոլոր այլ կազմակերպութիւններու գոյութիւնը՝ հաւատալով օրէնքի ուժին: Մեր լօզունգն է՝ «Յարգանք, պատիւ, ազնուութիւն, հաւատարմութիւն». ա՛յս է մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն վարքագիծը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, պահանջատիրութեան եւ հատուցման աշխատանքներու նուիրումը գլխաւոր կիզակէտն է Armenian Brigade MC-ին: Առ այդ, ազգային աւանդական երեք կուսակցութիւններու ծրագրուած ու միասնական քայլը վստահութեան գրաւական մըն է շարունակելու համար ազգային մեր համընդհանուր աշխատանքները՝ միասնաբար:
«æոկատ»ի կամաւորները համոզուած են, որ միացեալ ուժերով, հայութիւնը պիտի հասնի իր նպատակներուն:
Armenian Brigade Motorcycle Riders Club-ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել կազմակերպութեան կայքին՝ www.Brigademc.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.