«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հոլանտա մտադիր են 2014ի վերջաւորութեան Թուրքիայէն դուրս բերել իրենց «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համալիրները: Կը նախատեսուի այս հարցը քննարկել ՆԱԹՕի հերթական վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի սկիզբը, Բրիտանիոյ Սաութ Ուէյլզ շրջանին մէջ:
Թուրքիայէն հակաօդային պաշտպանութեան համալիրները դուրս բերելու որոշումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Սուրիայէն քիմիական զէնքի դուրս բերման լոյսին տակ՝ այլեւս կարիք չկայ «Փաթրիոթ»ները պահելու թրքական տարածքին մէջ:
Թուրքիոյ մէջ «Փաթրիոթ» հրթիռային համալիրներ տեղակայելու որոշումը տրուած էր Դեկտեմբեր 2012ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.