
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 11ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինիէրոյին: Իր պատգամին մէջ, վեհափառը պահանջեց, որ Քեսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով։
Վեհափառը պատգամին մէջ կը գրէ. «Երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան 100ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին՝ Թուրքիոյ կողմէ։ Արդարեւ, Քեսապի մեր ժողովուրդը, որ տեղահան դարձած էր պատմական Կիլիկիայէն, ահա դարձեալ նո՛յն ողբերգութեան ենթարկուեցաւ»։
Վեհափառը ապա կ՛առաջարկէ՝ անհրաժեշտութեան պարագային՝ իր ներկայացուցիչը ուղարկել յանձնախումբի նախագահին մօտ, ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար Քեսապի իրադարձութեանց մասին։
Յիշեալ յանձնախումբը նշանակուած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին կողմէ. ընթացիկ ամսուան աւարտին, անիկա իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին։
Յայտնենք, որ վերջերս Վատիկան կատարած վեհափառ հայրապետի այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ հայութեան տագնապը՝ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ծիրէն ներս, յաճախակի կերպով արծարծուեցաւ պապին, պետական քարտուղարին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: