ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յունիս 27ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Թամար Յովհաննիսեանի բանաստեղծական երկու հատորերու՝ «Կինը» (2006) եւ «Լինելութեան Համանուագ» (2013), ներկայացումը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ:
«Լինելութեան Համանուագ» հատորը պիտի ներկայացնէ Սարգիս Վահագը, իսկ «Կինը» գործը՝ Լիլիթ Քէհէեանը:
Ձեռնարկի հանդիսավարն է Նազիկ Գոճայեան, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին ասմունքող Անահիտ Մարտիրոսեան, դաշնակահար Շուշան Յակոբեան եւ ջութակահար Օֆելիա Նանակիւլեան:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.