Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանը, միանալով ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ համայն հայութեան ընդվզումին՝ մեծապէս կը դատապարտէ Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ռմբակոծումները, որոնք հայաբնակ այս շրջանը աւերակի վերածած են: Քանդուած կամ վնասուած են հայկական մեր կառոյցները, չէ խնայուած նաեւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Ազգային պատսպարանը, ուր հակահայ այս արարքներուն հետեւանքով հարիւրաւոր տնազուկ եւ հացի կարօտ ընտանիքներ ապաստան կը գտնեն եւ սնունդ կը ստանան:
Հակառակ տիրող անընդունելի իրողութեան, սուրիահայութիւնը քաջաբար կը շարունակէ կենաց-մահու իր պայքարը: Սակայն առանց մեր աջակցութեան՝ մեր հայրենակիցները չեն կրնար գոյատեւել:
ՀՕՄը չի կրնար ձեռնածալ մնալ ի տես այս անմարդկային արարքներուն: Սուրիահայութիւնը, աւելի քան երբեք, մեր աջակցութեան կարիքն ունի, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով օգնութեան ձեռք երկարելու տառապահար մեր հայրենակիցներուն:
Արդ, ահաւոր իրավիճակը մեղմացնելու հեռանկարով, վարչութիւնս կոչ կ՛ընէ բոլոր ՀՕՄականներուն, որ անմիջապէս գործի լծուին իրենց ընտանիքներով, հարազատներով եւ շրջապատով, անհնարը հնարաւոր դարձնելով՝ առաւելագոյն նիւթական օժանդակութիւնը ապահովելու համար թափառական դարձած սուրիահայ մեր քոյր-եղբայրներուն:
«Մենք վշտացած ու ցնցուած ենք Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Նոր Գիւղ շրջանի հայկական գաղութի եւ կառոյցներու վայրագ ռմբակոծումներէն: Այս առիթով կը պահանջենք բոլոր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններէն, ինչպէս նաեւ պատասխանատու կողմերէն, որ միջամտեն եւ փրկեն անմեղ մարդկանց կեանքը… Մենք մեր լաւագոյնը պիտի կատարենք օգնելու աղէտեալ գօտիի մեր քոյր-եղբայրներուն», յայտարարեց ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու կամ ձեր նուիրատուութիւնները յանձնելու համար, հեռաձայնեցէք (818) 500-1343 թիւին կամ դիմեցէք office@arswestusa.org կայքին:
ՀՕՄ-Ի ԱՄՆ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐæԱՆԻ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ