ԺԸՆԵՒ.- «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքճի Չորեքշաբթի, Յունիս 11ին դրական եւ շինիչ որակած է Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերու՝ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հետ կայացած Չորեքշաբթի օրուան խորհրդակցութիւնները: Բանակցութիւնները նուիրուած էին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին, որոնց շուրջ Իրանի եւ «Վեցեակ»ին միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան Յունիս 16-20ին, Վիեննայի մէջ:
Բանակցութիւններուն նպատակն է վերջնական համաձայնութիւն կնքել, Իրանի հիւլէական ծրագիրի թափանցիկութիւնը ապահովելու համար: Իրան անջատ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ նաեւ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.