
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան հաստատած է, որ խորհրդարանական քառեակին ներկայացուցած 12 կէտերը արդէն քաղաքական մեծամասնութեան ուշադրութեան առարկան են: «Շատ ուրախ եմ, որ վերջապէս շատ ողջամիտ առաջարկութիւններ են արուել, եւ դրանք մենք քննարկման առարկայ կը դարձնենք: Ինձ թւում է՝ նշուած բոլոր կէտերը մենք արդէն իսկ ներկայացրել ենք թէ կառավարութեան ծրագրի քննարկման ժամանակ, թէ մեր ելոյթներում», ըսած է պատգամաւորը:
Հերթով անդրադառնալով 12 պահանջներուն՝ Վահրամ Բաղդասեան նշած է. «Պարտադիր բաղադրիչը վերացնելու մասով՝ արդէն գիտէք, որ բաւականին լուրջ գործընթաց է գնում, առաջընթաց կայ: ՀՅԴ խմբակցութեան եւ միւս քաղաքական ուժերի հետ բանակցութիւնների արդիւնքում մենք եկանք այնպիսի եզրայանգման, որ իրօք վերանայման կարիք կայ: Յաջորդը՝ վերանայել տեսանկարահանող եւ կարմիր գծերի համակարգը, մէկ անգամ լսումներ կազմակերպեցինք այդ թեմայով, պատրաստ ենք երկրորդ անգամ էլ կազմակերպել, պէտք է ուսումնասիրուի դրա վերահսկելիութիւնը: Մենք չենք ժխտում, որ խնդիրը կայ: Այսինքն՝ սա օրակարգային հարց է: Ես չեմ ասում, որ մենք նրանց բոլոր պահանջները կը բաւարարենք, բայց պէտք է նայենք, թէ որ խնդիրն է համապատասխանում իրականութեանը, մենք դէմ չենք լինի դրանց անդրադառնալ»:
Անոր համաձայն՝ շրջանառութեան մէջ դրուած հարկին մասին հարցը իրենք ներառած են կառավարութեան ծրագիրին մէջ եւ հետագային եւս աւելի նպաստաւոր առաջարկներ պիտի ներկայացնեն: «Իրօք շրջանառութեան հարկը պէտք է վերանայուի, մենք այնտեղ աւելի լաւ առաջարկութիւններով հանդէս կը գանք: Որոշ մասի նկատմամբ կը վերացուի շրջանառութեան հարկը, դրանից յետոյ փաստաթղթաւորման դէպքում չի բացառւում, որ շրջանառութեան հարկի շեմը բարձրացուի, բայց տոկոսն իջնի: Գիւղատնտեսութեան ոլորտի հետ կապուած բոլոր առաջարկութիւններն ընդգրկուած են մեր ծրագրում: Դա մենք ենք առաջարկել՝ թէ ոռոգման ջրի հետ կապուած, թէ վարկերի, որ պէտք է հասանելի լինեն գիւղացուն», ըսած է Վահրամ Բաղդասարեան՝ ընդգծելով, որ ներկայացուած առաջարկները ողջամիտ են: «Ես ասում եմ, որ շատ առողջ առաջարկութիւններ են արուել ու գալիս է այն կոնստրուկտիւ ընդդիմութիւնը, որը մենք ուզում ենք, որոնց հետ կը կարողանանք հարցեր քննարկել: Բարձրացուած հարցերը պրակտիկ են, որոնք մեր քննարկման առարկան պէտք է դառնան կամ արդէն դարձել են», աւելցուցած է ան
Վահրամ Բաղդասարեան նշած է, որ բարձրացուած հարցերուն մէկ մասին պէտք է օրէնսդրական մակարդակով անդրադառնալ, միւս մասին՝ կառավարութեան որոշումներով:
Ինչ կը վերաբերի քառեակին կողմէ իշխանութեան տրուած ժամանակահատուածին, որ մինչ Սեպտեմբերի աւարտը պէտք է նշուած պահանջները կատարուին՝ Վահրամ Բաղդասարեան ըսած է, որ իրենք կառավարութեան պէտք է հարցապնդեն, որպէսզի ծրագիրի իրականացման ժամկէտները յստականան: «Մենք նախապայմաններին չենք նայում, այլ առաջարկութիւններին: Եթէ իրենք սեպտեմբերն են նշում վերջնաժամկէտ, բայց դրանք մայիսի կարող են կատարուել, թող իրենք անեն իրենց քայլերը», նշած է ՀՀԿի պատգամաւորը:
Անդրադառնալով ընդդիմութեան վերահսկողական դեր տալու պահանջքին՝ Վահրամ Բաղդասարեան նշած է, որ դէմ է, որ առանց պատասխանատուութիւն վերցնելու, ընդդիմութիւնը ստանայ վերահսկողական դերեր: «Մենք բազմիցս յայտարարել ենք՝ երբ ընդդիմութիւնը կը լինի առողջ եւ այն կը լինի քաղաքական ընդդիմութիւն, մենք այդ հարցին էլ կ՛անդրադառնանք», ըսած է ան։
Քառեակի յայտարարութեան մէջ ներառուած վերջին կէտին առնչութեամբ, ըստ որուն, իշխանութիւնը պէտք չէ ստորագրէ որեւէ միջազգային համաձայնագիր, որով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կը նախատեսուի հաստատուած յարաբերութիւններու, ներառեալ միասնական տնտեսական համակարգի փոփոխութիւն, Վահրամ Բաղդասարեան հաստատած է, որ ոչ մէկ պարագայի Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ կնքել համաձայնագիրներ, որոնք պիտի խաթարեն Հայաստանի ու Ղարաբաղի յարաբերութիւնները: