Մրցանակաբաշխութիւն՝ «Անբան Հուրի» Շարադրական Մրցանքի Եւ Մրցանակակիրներու Գրութիւնները
Կիրակի, 5 Մայիսին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որուն ներկայ եղան մրցանքին մասնակից աշակերտները, իրենց ծնողներուն, մեծ հայր-մեծ մայրերուն եւ հայերէնի ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ:
Մրցանակաբաշխութեան բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի անդամներէն Լիւսի Չուխաճեան, որ նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով հայերէնով մասնագիտական մակարդակի մանկապատանեկան թատրոնի մը ներկայ ըլլալն ու այդ առիթով շարադրական աշխատանք կատարելը կը միտին հայ աշակերտութեան մօտ զարգացնել թատերական արուեստի ճաշակ եւ ընկալչութիւն, ապա ներկայացուած աշխատանքները գնահատեց իբրեւ աննշան թերութիւններով գրուած հայերէն հետաքրքրական էջեր՝ դիտել տալով, որ լաւագոյն գրութիւնները լոյս պիտի տեսնեն «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ:
Բացման խօսքէն ետք յանձնախումբի անդամներէն Մակի Իսթիլեան մեծ պաստառի վրայ ներկայացուց հայրենի թատերախումբի լուսանկարներէն շարք մը, որ կ՛ամփոփէր թատերախաղէն պատառիկներ, հայրենի դերասաններուն հայկական վարժարաններ այցելութիւններէն տեսարաններ եւ հայ աշակերտութեան հետ խմբային նկարներ, որոնք վերյիշեցուցին քանի մը ամիս առաջ Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած թատերական մթնոլորտը, թատերախումբի անդամներուն զուարթ ու վարակիչ տրամադրութիւնը, այդ օրերու արուեստի ու խնդութէջլան քաղցր պահերը:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն՝ Մակիի եւ Լիւսիի ձեռամբ: Մրցանակներ ստացան երկու կարգերէն (Է., Զ.) տասը աշակերտներ. մէկական առաջին, երկուքական երկրորդ եւ երկուքական երրորդ: Մրցանակները գերազանցապէս արժէքաւոր գիրքեր, մանկապատանեկան վիպական հատորներ էին՝ նուիրուած «Սարդարապատ», «Ապրիլ», «Պերճ» եւ «Planet Armenia» գրախանութներու եւ Լիւսի Չուխաճեանի կողմէ:
Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց ընկհ. Մակի՝ ուղղուած մասնակից վարժարաններու աշակերտներուն, ուսուցչուհիներուն եւ նուիրատուներուն: Մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը աւարտեցաւ յիշատակի համար վերցուած խմբական նկարներու խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
***
Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակակիրներու անունները եւ անոնց գրութիւնները: Յայտնենք նաեւ, որ դատական կազմը 37 շարադրութիւններու կողքին աշակերտներէ ստացած է նաեւ երեք գծագրութիւն-նկարներ, զորս կը յանձնենք մամուլին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Մրցանակակիրներու Անուններու Ցանկը, Ապա Գրութիւնները
Զ. Կարգ
Առաջին՝ Տարօն Գապագեան,
Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարան
Երկրորդ՝ Սէրա Այնթէպլեան
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարան
Երկրորդ՝ Վանա Թրթրեան
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Երրորդ՝ Ցոլեր Քիլիսեան
Հայ Քոյրերու վարժարան
Երրորդ՝ Ցոլեր Պիլանճեան
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարան
Է. կարգ
Առաջին՝ Տարօն Փանոսեան
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարան
Երկրորդ՝ Լեւոն Փաշայեան
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարան
Երկրորդ՝ Թալին Քրիւմեան
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Երրորդ՝ Լուսինէ Գազէլեան
Յովսէփեան Ազգ. վարժարան
Երրորդ՝ Լորի Կարավարդանեան
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրի» պատմութիւնը կարդալէ ետք, անհամբեր կը սպասէի թատրոնը դիտել: Գիտէի, որ փոփոխութիւններ եւ յաւելումներ պիտի ըլլային թատրոնին մէջ:
«Անբան Հուրի» թատրոնը դիտած ատենս, շատ տպաւորուած էի, տեսնելով գեղեցիկ հագուստները եւ տեսարանները: Թատրոնը հաճելի էր, բայց չսպասեցի, որ այնքան երկար ըլլար: Նոր կերպարներ աւելցած էին: Չհաւատացի, որ այնքան մաս կրցան գոց սորվիլ դերասանները: Գեղեցիկ լոյսերու խաղեր ալ կային ամէն կողմերէ:
Նշանաւոր գիրքին մէջ շատ աւելի քիչ կերպարներ կային, քան թէ թատրոնին մէջ: Երկուքն ալ հասկցայ, բայց գիրքը աւելի դիւրին էր հասկնալու համար: Սօս Սարգիսեանին թատրոնին մէջ, ուրիշ պատկերներ ալ կային, որոնք գիրքին մէջ չկային: Օրինակ, Հուրիենց բարեկամը թատրոնին մէջ էր, այդ մասը չկար գիրքին մէջ:
Սօս Սարգսեանը եւ դերասանները շատ աշխատանք տարած էին, որ այս թատրոնը պատրաստեն: Ամէնէն սիրած մասս էր, երբ Հուրին երեւակայեց, որ բզէզը իր մօրաքոյրն էր: Այս պատկերով, Անբան Հուրին կրցաւ չաշխատիլ այլեւս: Շատ աղուոր էր թատրոնը, բայց չսիրեցի երբ հաւերը շատ ձայն կը հանէին:
Այս թատրոնը շատ հաճելի էր դիտել: Երանի կարենայի նորէն եւ նորէն դիտել: Վստահ եմ, որ քոյրերս եւ եղբայրս ալ այս թատրոնը պիտի սիրէին: Խումբը եւ դերասանները շատ աշխատած էին, որ մեզի պէս պատանիներուն պատրաստէին այս գեղեցիկ թատրոնը:
ԹԱԼԻՆ ՔՐԻՒՄԵԱՆ
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Է. կարգ
Հեքիաթի փոխանցած գլխաւոր պատգամն է, որ պէտք է աշխատասէր ըլլանք, որովհետեւ երբ ծոյլ ըլլանք Հուրիին պէս, բան մը չենք կրնար ընել մեր կեանքին մէջ:
Այս աշխարհին մէջ մարդիկ կան, որոնք շատ ծոյլ են եւ մարդիկ ալ կան, որոնք շատ աշխատասէր են: Աշխատասէր մարդիկը իրենց գործին մէջ յաջողութիւն կը գտնեն, իսկ ծոյլ մարդիկ իրենց գործը ամբողջութեամբ չեն ընէր, կէս կը ձգեն եւ անոր համար չեն յաջողիր ու դրամ չեն շահիր, իսկ եթէ ընկերութեան մէջ կ՛աշխատին, գործատէրերը իրենց գործէն կ՛արձակեն, անոնք կ՛ըլլան անգործ եւ ապա անտուն մարդիկ:
Ուրեմն մենք պէտք է ըլլանք միշտ աշխատասէր, որովհետեւ եթէ ծոյլ ըլլանք մեր կեանքին մէջ չենք կրնար մեր ուզածները ընել: Ամէնէն կարեւորը չենք կրնար մեր ուզած ճաշերը գնել եւ ուտել, որոնք առողջ կը պահեն մեզի եւ սնունդ կու տան եւ այդ պատճառով կը հիւանդանանք, չենք կրնար մանուկներ ունենալ, եւ կամ ալ այդ մանուկներուն ուրախ կեանք մը տրամադրել եւ չենք կրնար մեր ուզած երկիրները ճամբորդել:
Իսկ եթէ մենք աշխատասէր ըլլանք, աշխարհի վրայ բան մը չկայ, որ մենք չենք կրնար ընել, որովհետեւ աշխատանքէն չենք վախնար:
Ես կը կարծեմ որ աշխատասէր մարդը կեանքի մէջ միշտ ուրախ կ՛ըլլայ, որովհետեւ ան առիթը կ՛ունենայ ստեղծելու, ուրախանալու եւ ուրախացնելու:
ԼԵՒՈՆ ՓԱՇԱՅԵԱՆ
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան
վարժարան
Է. կարգ
Ուսուցիչը «Անբան Հուրի»ին պատմութիւնը մեզի կարդալէ ետք ես կը կարծէի, թէ թատրոնը կարճ պիտի ըլլար: Պատմութիւնը հաճելի էր, ու ես պատրաստուած էի լաւ կազմակերպուած թատրոն մը տեսնելու: Պատմութեան մէջ Հուրիին մայրը լաւ տպաւորութիւն ձգած էր վրաս, որովհետեւ կրցաւ մարդը խաբել եւ աղջիկը ազատել:
Երբ թատրոնը դիտեցի, անդրադարձայ թէ բաւական երկար էր: Խնդալիք էին հաւերը: Շատ հաճելի էր հանգիստ կերպով նստիլ ու դիտել խնդալիք թատրոն մը, որ դիտողներուն նոր բաներ կը սորվեցնէ: Թատրոնը եւ պատմութիւնը ունէին Հուրին եւ իր ամուսինը, բայց հաւերը ու էշը նոր էին մեզի համար: Երբ Հուրին հաւերուն հաւկիթ ածել տուաւ՝ հաւնեցայ, բայց չհաւնեցայ, երբ Հուրին ու իր ընկերները անդադար կը խօսէին:
Թատրոնը շատ խնդալիք, զուարճանալիք եւ հաճելի էր: Ձանձրացուցիչ չէր, ընդհակառակը, ուրախութեամբ դիտեցի զայն: Անհամբեր պիտի սպասեմ յաջորդ մանկական թատրոնին:
ԼՈՐԻ ԿԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Է. կարգ
Տարբեր Վերջաւորութիւն
Կիրակոսը ծոյլ կ՛ըլլայ եւ Հուրին կը ստիպուի տղու գործեր ընել:
Կիրակոսը տունը կը նստի, կ՛ուտէ, կը խմէ եւ հանգիստ կը քնանայ ամբողջ օրը:
Օր մը ձմրան ժամանակ Հուրին տուն կու գայ տօնածառ մը ձեռքին. Կիրակոսը կ՛ըսէ. «Հուրի՛, այս ի՞նչ է»: Ան կը պատասխանէ. «Այս տօնածառ է եւ ձմրան պիտի զարդարենք»: Հուրին ուրախ-ուրախ կ՛երթայ եւ խաղալիքներ կը բերէ եւ տօնածառին վրայ կը շարէ: Կիրակոսն ալ քունը կը շարունակէ: Հուրին երբ կը վերջացնէ ծառին զարդարանքը, կը սկսի երգել: Անոր երգին ձայնը Կիրակոսը կ՛արթնցնէ, բայց նորէն կը շարունակէ քնանալ:
Յաջորդ օրը Կիրակոսը եւ Հուրին կ՛արթննան: Հուրին Կիրակոսին կ՛ըսէ. «Յոգնած եմ, ելի՛ր դուն զարդարէ դուրսը Կաղանդի համար»: Կիրակոսը դժգոհելով եւ լալով դուրս կ՛ելլէ եւ կը սկսի խաղալիքները եւ լոյսերը ծառին վրայ դնել: Ան երբ կը վերջացնէ զարդարանքը, դիտելու համար ետ-ետ կ՛երթայ ու կ՛իյնայ: Հուրին ձայնէն դուրս կ՛ելլէ եւ կը զարմանայ, որ իր ամուսինը ինչ գործլեր ըրած է: Սակայն Կիրակոսը մարած գետինն էր, Հուրին Կիրակոսին վրայ ջուր կը թափէ ու ան կը սթափի եւ երկուքը միասին տուն կը մտնեն:
Հուրին եւ Կիրակոսը կ՛իյնան մահճակալին վրայ ու կը քնանան: Անոնք երկուքն ալ ծոյլ մարդիկ կ՛ըլլան: Երբ կ՛արթննան մէկ ժամ կ՛առնեն, որ ճաշե՜ն: Հուրին միշտ յոգնած կը զգայ ինքզինքը, իսկ Կիրակոսը արդէն յոգնածին մէկն էր, անոնք չեն կրնար նոյնիսկ ճաշ մը եփել:
Այնքան որ ծոյլ էին, Հուրին միայն սառնարանը կը բանար, հաց եւ պանիր կը հանէր եւ երկուքը միասին կ՛ուտէին:
Հուրին եւ Կիրակոսը ծոյլ մարդիկ են, անոնք շարունակեցին ծոյլ մնալ: Անոնք միայն կը քնանային, կ՛ուտէին ու կը խմէին:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԳԱԶԵԼԵԱՆ
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան
վարժարան
Է. կարգ
«Անբան Հուրի» երգիծախառն թատրոնը շատ հաճելի էր դիտել ու վայելել: Համազգայինի հիմնադրութեան 85ամեակի առիթով Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտներով առիթը ունեցանք դիտելու այս հիանալի ներկայացումը: Թէեւ արեւելահայերէնով ներկայացաւ, բայց ես շատ դժուարութիւն չունեցայ հասկնալու, քանի որ շատ գեղեցիկ եւ ծիծաղելի ձեւով ներկայացումը փոխանցուեցաւ հանդիսատեսներուն: Դերակատարները շատ լաւ ձեւով պատրաստուած էին, բայց իմ վրաս շատ մեծ տպաւորութիւն ձգեց երեք հաւիկներուն ամէնէն փոքրը: Ես ամէնէն շատ զինք սիրեցի, որովհետեւ ան շատ խնդալիք կերպով իր դերը կատարեց: Ան միշտ ուշ էր ինչ որ կ՛ընէր եւ նոյնիսկ պատմութեան վերջաւորութեան հաւկիթ մը ածեց շատ մեծ դժուարութեամբ:
Թատրոնը եւ մեր կարդացած Յովհաննէս Թումանեանին «Անբան Հուրի» հեքիաթին միջեւ տարբերութիւններ կային: Թատրոնին մէջ որոշ դէպքեր փոփոխութիւններու ենթարկուած էին, իսկ կարգ մը դերակատարներ ալ աւելցած էին: Օրինակի համար, էշին եւ հաւիկներու դերակատարները գոյութիւն չունէին հեքիաթին մէջ: Հեքիաթին մէջ Հուրին ամուրի էր եւ դեռ իր մօր հետ կ՛ապրէր, երբ վաճառականը լսեց անոր գովասանքը եւ ուզեց իրեն հետ ամուսնանալ: Այս էր հեքիաթին սկիզբը, իսկ թատրոնը սկսաւ, երբ արդէն ամուսնացած էր Հուրին Կիրակոսին հետ: Այլ տարբերութիւն մըն էր նաեւ ոսկեղէններուն տիրոջ բաժինը, հեքիաթին մէջ Հուրիին գտած ոսկիներուն տէրը գոյութիւն չունէր: Սակայն այս բոլոր տարբերութիւններն ալ օգնած էին, որ աւելիով հետաքրքրական դառնար ներկայացումը, եւ ես ալ աւելիով սիրեցի զայն՝ կատարուած այս փոփոխութիւններով:
Յովհաննէս Թումանեանի «Անբան Հուրի» հեքիաթը պատգամ մը ունէր մեզի համար: Հեղինակը ուզեց փոխանցել մեզի, որ կան մարդիկ, որ բերնէ բերան մարդոց հրապուրիչ խօսքերուն, սուտ գովասանքներուն վրայ հիմնուելով կ՛առնեն լուրջ որոշումներ եւ յետոյ կ՛անդրադառնան որ խաբուած են, սակայն շատ ուշ կ՛ըլլայ: Երբեմն ալ ոմանք այդ խաբկանքին մէջ կը շարունակեն ապրիլ, եթէ իրենց դիմացինը շատ ճարպիկ անձ մը ըլլայ:
Եթէ ես առիթը ունենայի եզրակացութիւնը փոխելու այս պատմութեան, պիտի ուզէի որ Անբան Հուրիին ամուսինը գաղտնի կերպով հալածէր եւ հետապնդէր զինք: Ապա, մէջտեղ հանէր անոր սուտերը եւ իր անբան ըլլալը իմանար: Սակայն փոխանակ զինք պատժելու ու բարկանալու վրան, ինքն ալ կ՛որոշէր անոր նման անբան դառնալ: Ուրեմն այսպիսով, ըստ ինծի, պատմութեան անունը կը փոխարինուէր «Անբան Ընտանիք»ով:
ՍԵՐԱ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան
վարժարան
Զ. կարգ
Օր մը, ծոյլ աղջիկ մը կար, որ չէր սիրեր աշխատիլ: Միայն ձիւթ կը ծամէր, կուտ կ՛ուտէր, կը քնանար եւ չէր սիրեր աշխատիլ: Մայրը, սակայն, ամէն անգամ կը գովէր Հուրին եւ կ՛ըսէր, որ շատ աշխատասէր էր, տունը կը մաքրէր, ճաշ կը պատրաստէր, եւ այլն: Օր մը, վաճառական մը եկաւ ու ըսաւ, որ կ՛ուզէր Հուրիին հետ ամուսնանալ, որովհետեւ լսեց, թէ շատ աշխատասէր աղջիկ մըն էր: Վաճառականը օր մը հեռու տեղ մը գործի երթալէն առաջ, գործ տուաւ Հուրիին, որ բամպակը մանէ եւ դերձանի վերածէ, որպէսզի ծախեն եւ հարստանան: Ան չուզեց աշխատիլ: Օր մը երբ ծամելով գետին ծայրէն կը քալէր, գորտերուն հետ խօսելու սկսաւ: Անոնց ըսաւ, որ ինք բամպակ ունէր եւ կ՛ուզէր մանել, որ ծախեն ու դրամ շահին: Անբան Հուրին կարծեց թէ գորտերը երբ կը կռկռային, կ՛ըսէին՝ «դերձանը բեր»: Քանի մը օր ետք, Հուրին կարծեց, որ գորտերը գորգ հիւսեցին: Երբ դերձանին գինը ուզեց ու գետ մտաւ, գտաւ կտոր մը ոսկի: Երբ ամուսինը վերադարձաւ, ան ոսկին ցոյց տուաւ ամուսինին, եւ մօրը կանչեցին ու «քէֆ» ըրին: Մայրը գիտէր, որ Հուրին չէր աշխատած եւ մտահոգ էր, որ ամուսինը օր մը գաղտնիքը պիտի գիտնար: Այդ պատճառով, պատմութիւն մը հնարեց: Քէֆի պահուն պատուհանէն ներս մտաւ բզէզ մը: Մայրը ըսաւ, թէ բզէզը իր մօրաքոյրն էր, եւ ան շատ աշխատելէն փոքրիկ մնացած էր: Ճարպիկ մայրը ըսաւ, թէ եթէ Հուրին աշխատի, բզէզ կը դառնայ: Հուրիին ամուսինը շատ վախցաւ ու ըսաւ, որ Հուրին այլեւս չաշխատի, եւ այդպէս Հուրիի գաղտնիքը պահուեցաւ:
Անբան Հուրին ինծի սորվեցուց, որ աշխատասէր ըլլամ, եւ ծոյլ չըլլամ: Եթէ ես հեղինակը ըլլայի, պատմութիւնը չէի փոխեր, որովհետեւ պատմութիւնը շատ հետաքրքրական ու շատ հաճելի ձեւով գրուած է: Նա կը յաջողի իր ամուսնոյն համոզել, որ աշխատանքը քեզ բզէզի կը վերածէ:
Ես պիտի ուզէի, որ այս հեքիաթը տարբեր ձեւով վերջանար: Կիրակոսը կ՛անդրադառնայ, որ Հուրին սուտ կը խօսի եւ այլեւս չընդունիր իր պատճառաբանութիւնները: Հուրին իր ընթացքը կը փոխէ եւ չարաչար կ՛աշխատի: Կիրակոսը կ՛ուրախանայ, որ իր կեանքը բարելաւուեցաւ:
ՎԱՆԱ ԹՐԹՐԵԱՆ
Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Զ. կարգ
Յովհաննէս Թումանեան գրած է «Անբան Հուրի» հեքիաթ-պատմութիւնը, ուր ան կը ներկայացնէ գիւղացի աղջիկ մը, որ բնաւ չուզեր աշխատիլ, փոխարէնը՝ երգել, պարել եւ իր գործերը կու տար ուրիշներուն, որպէսզի կատարեն: Անոր ամուսինը իրմէ կ՛ուզէր նոր հագուստներ, որովհետեւ ունեցած տաբատները պատռուած էին: Վերջապէս Հուրին կը համաձայնի ու գործը կու տայ ուրիշին, որպէսզի իր տեղ աշխատին: Քանի մը օր ետք երբ գետեզերք կ՛երթայ ամուսնոյն տաբատը առնելու, թուփերուն տակէն կը գտնէ ոսկի, զոր առնելով կը տանի տուն՝ կարծելով, որ դրուած էր իր բուրդին իբրեւ փոխարժէք, իսկ երբ նոյնիսկ իր դրացիները առաջարկէին, որ իրենց հետ միասին երթայ ջուր բերելու, ան ծիծաղելով կ՛անտեսէր զանոնք, սակայն Հուրին բախտաւոր աղջիկ մըն էր, կարդացողներս չենք կրնար ըսել, որ բոլորս ալ Հուրիին նման կրնանք չաշխատիլ եւ փոխարէնը ոսկի գտնել: Միւս կողմէ Հուրին խելացի եւ խորամանկ աղջիկ մըն էր, այսպէս կը հասկնանք, երբ ան կը խօսի բզէզին հետ իբր թէ ան իր մօրաքոյրն է, եւ իր միամիտ գիւղացի ամուսինը հաւատալով իր խօսքին՝ կ՛արգիլէ իրեն աշխատիլ:
Սիրեցի այս թատրերգութիւնը, որովհետեւ կը ներկայացուէր գիւղական կեանքը եւ պատմուածքը՝ երաժշտութեամբ: Թէեւ կարգ մը բաներ փոխուած էին գրագէտին գրութենէն:
ՏԱՐՕՆ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարան
Է. կարգ
Անցեալ ամիս մենք ներկայ գտնուեցանք «Անբան Հուրի» թատերախաղին: Թատերախաղին եւ հեքիաթին միջեւ տարբերութիւններ կային: Օրինակ էշին կերպարը չկար հեքիաթին մէջ, իսկ Հուրին պատմութեան սկիզբէն ամուսնացած չէր Կիրակոսին հետ: Նաեւ ներկայացման մէջ Հուրիին մայրը չկար, երբ ան կը բացատրէր, որ իրենց ընտանիքի անդամները երբ շատ աշխատին, կրնան բզէզի վերածուիլ: Ես հեքիաթին մէջ շատ սիրած եմ այս բաժինը, որովհետեւ ցոյց կու տար մօր ճարպիկութիւնը: Նաեւ թատրոնին վերջաւորութեան երբ այդ դերակատարը, որ իբրեւ թէ ոսկիներուն տէրն էր, փորձեց խաբել բոլորը ըսելով, որ ինք կորսնցուցած է ամէն ինչ, նոյնիսկ իր տունը, հետաքրքրական էր:
Այս հեքիաթէն եւ թատերախաղէն մենք կը սորվինք հաւատարիմ եւ աշխատասէր ըլլալ: Ստախօսութիւն ալ չընել եւ միշտ պարկեշտ մնալ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ բարիները եւ կ՛օրհնէ անոնց: Նաեւ ես սորվեցայ պէտք է ծառայասէր ըլլամ եւ օգնեմ ծնողքիս:
Հեքիաթին վերջաւորութեան Անբան Հուրին պէտք էր փոխուէր եւ ըլլար աշխատասէր: Աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդը: Ես կը ջանամ բնաւ Հուրիին նման չըլլալ, ծոյլ-ծոյլ պտտելով ձիւթ չծամել, պարապ-պարապ ժամանակ չանցընել եւ աշխատասիրութեամբ դասերս եւ պարտականութիւններս ամբողջացնել:
Ներկայացումի դերակատարներէն ամէնէն շատ սիրեցի իշուկին տիպարը, մանաւանդ երբ ան ըսաւ՝ «ես էշ եմ, բայց էշ չեմ», շատ ծիծաղելի էին նաեւ իր ըսած կատակները: Ես շատ սիրեցի այս թատրոնը: Ուրախ եմ, որ կրցայ դիտել Հայաստանէն Ամերիկա եկած մեր հայ դերասաններուն խաղարկութիւնը: Յուսամ ուրիշ առիթով ալ կրնանք վայելել զանոնք:
ՑՈԼԵՐ ՊԻԼԱՆՃԵԱՆ
Ա. եւ Մ. Յովսէփեան
վարժարան
Զ. Կարգ
Քանի մը շաբաթ առաջ ես եւ իմ դասընկերներս գացինք «Անբան Հուրի» թատրերգութիւնը դիտելու: Մենք այլ տարբերակ մը կարդացած էինք մեր ուսուցիչին հետ: Մեր կարդացած տարբերակը հետեւեալն էր. «Կար ու չկար կին մը կար: Այս կինը աղջիկ մը ունէր, անունը Հուրի: Հուրին ծոյլ եւ անշնորհք աղջիկ մըն էր, որ մինչեւ իրիկուն պարապ կը նստէր ու կ՛երգէր: Հարեւանները անունը կը դնեն անբան Հուրի, բայց մայրը տունէ-տուն կ՛ընէ աղջկան գովքը, օր մըն ալ վաճառական մը կը լսէ Հուրիին մասին եւ կ՛որոշէ ամուսնանալ հետը: Ամուսնանալէ ետք օր մը ամուսինը պարկ մը բամպակ կը բերէ եւ կու տայ Հուրիին որ մանէ: Յիմար Հուրին կ՛առնէ բամպակը եւ «գորտերուն» կու տայ, քանի մը օր ետք կ՛երթայ ետ առնելու, բայց չի գտնէր, եւ կը ջղայնանայ ու երբ գետին մէջ կը մտնէ՝ ոսկի կը գտնէ, անոր համար Հուրին եւ ամուսինը շատ կուրախանան եւ կը հրաւիրեն ամէն մարդ ընթրիքի, ընթրիքի ընթացքին մայրը՝ հանգստացնելու համար Հուրին, կը սկսի բզէզի մը հետ խօսիլ, կ՛ըսէ որ ան իր մօրաքոյրն է եւ իրենց սերունդը եթէ շատ աշխատի, բզէզի կը վերածուին»:
Այս էր մեր կարդացած տարբերակը, որուն հեղինակն է Յովհաննէս Թումանեան: Ես շատ սիրեցի այս գեղեցիկ թատրերգութիւնը եւ նորէն կը դիտեմ եթէ կրնամ: Այս պատմութիւնը ինծի սորվեցուց թէ «ծուլութիւնը ոչ մէկուն տեղ կը հասցնէ»: Այս պատմութեան վերջաւորութիւնը շատ հաճելի էր, բայց ես եթէ հեղինակը ըլլայի, վերջաւորութեան ամուսինը կը ձգէր Հուրիին եւ աւելի աշխատասէր մէկու մը հետ կ՛ամուսնանար:
Ես շատ շնորհակալ եմ, որ դուք ինծի առիթ տուիք, որ տեսնեմ եւ վայելեմ այլ տարբերակ մըն ալ այս գեղեցիկ հեքիաթին եւ կը յուսամ, որ երեխաներն ալ տեսնեն եւ վայելեն այս հաճելի պատմութեան շքեղ, սքանչելի եւ փառայեղ թելադրութիւնը:
ՑՈԼԵՐ ՔԻԼԻՍԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարան
Զ. կարգ
Հուրին ծոյլ աղջիկ մըն է եւ ամուսնացած է Կիրակոսին հետ: Կիրակոսը դժգոհ է Հուրիէն, որովհետեւ ան ճաշ չ՛եփեր եւ հագուստ չի կարէր: Հուրին բուրդը տարաւ քաւորկնոջ քով: Կիրակոսը էշ մը բերաւ, որ պոչ չունէր, որ գործերը դիւրացնէ: Երբ Հուրին քաւորկնոջ մօտ գնաց Կիրակոսին համար կարուած հագուստները առնելու, ան տոպրակ մը ոսկի գտաւ: Շատ ուրախացան Հուրին եւ Կիրակոսը: Երբ ոսկիին տէրը եկաւ Կիրակոսին մօտ, Կիրակոսը զինք խաբեց համոզելով, որ իրենց գտած ոսկին տարիներ առաջ ունէին:
Թատրերգութեան վերջաւորութեան, երբ Կիրակոսը ուզեց որ Հուրին ընկոյզ հաւաքէ, Հուրին նիւթը փոխեց: Ան պատմեց իր մօրաքրոջ մասին, որ շատ աշխատեցաւ եւ բզէզի վերածուեցաւ: Կիրակոսը վախցաւ այս խօսքէն եւ Հուրիին ըսաւ, որ երբեք պէտք չունի աշխատելու: Հուրին իր միամիտ ամուսինը խաբեց:
Ես շատ սիրեցի «Անբան Հուրի» թատրերգութիւնը, որովհետեւ խնդալիք էր եւ ներկայացուած էր հետաքրքրական ձեւով: Տիպարները շատ չափազանցուած էին եւ ծիծաղելի էր զանոնք դիտել: Այս Պատմութեան մէջ, էշը աւելի խելացի էր Կիրակոսէն եւ Հուրիէն: Սիրեցի երեք կիները, որ սկիզբը դրացիներ էին, որ կը խնդային Հուրիին ծուլութեան վրայ եւ վերջը եղան գորտեր ու հաւեր:
Հեքիաթին փոխանցած գլխաւոր պատգամն է չըլլալ ծոյլ եւ ստախօս: Պէտք չէ ուրիշներուն խաբես՝ մանաւանդ, երբ կ՛ուզես փախիլ գործէն: Ծուլութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ որ սիրելիներուդ սուտ խօսիս: Հուրին կը յաջողի իր ամուսնոյն համոզել, որ աշխատանքը քեզ բզէզի կը վերածէ:
Ես պիտի ուզէի, որ այս հեքիաթը տարբեր ձեւով վերջանար: Կիրակոսը կ՛անդրադառնայ, որ Հուրին սուտ կը խօսի եւ այլեւս չընդունիր իր պատճառաբանութիւնները: Հուրին իր ընթացքը կը փոխէ եւ չարաչար կաշխատի: Կիրակոսը կ՛ուրախանայ, որ իր կեանքը բարելաւուեցաւ:
ՏԱՐՕՆ ԳԱՊԱՔԵԱՆ
Ալեքս Փիլիպոս Ազգ.
վարժարան
Զ. կարգ
Շնորհակալութիւն՝ նիւթերու տեղադրման համար: Սակայն աշակերտական խումբերը Ե. եւ Զ. կարգերէ եկած են, չեմ գիտեր ինչո՞ւ հոս Ե.ը փոխուած է Է.ի: Հինգերորդ եւ վեցերերդ կարգերու համար կազմակերպուած մրցանք էր այս, այլ ոչ թէ եօթներորդ եւ վեցերորդ կարգերու: Խնդրեմ սրբագրեցէք եթէ ուշ չէ: