
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ռադիօլուր».– «Արցախը զարգանում է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններում», յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ հանդիպում ունենալով Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Արցախ եւ բացումը կը կատարեն հիմնադրամի ներդրումով իրականացած ծրագիրներուն։
Այս օրերուն Արցախի կարգ մը շրջաններուն մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէ: 20 Մայիսին Նոր Մարաղա գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ համայնքային կեդրոնին, որ գիւղին թէ՛ գրասենեակ պարգեւեց, թէ՛ ծննդարան ու բժշկական կեդրոն: Նմանատիպ կեդրոններ կը կառուցուին նաեւ այլ շրջաններու մէջ: Բարերարները արդէն ծանօթացած են Ասկերանի շրջանի Խանցք, Շօշ, Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկայ գիւղերու, ինչպէս նաեւ Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ կատարուող եւ կատարուած շինարարական աշխատանքներուն:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամներուն մասնակցութեամբ բացուած են թէ՛ համայնքային կեդրոնը, եւ թէ ըմպելի ջուրի համակարգը: Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան գոհ է իրականացուող ծրագիրներէն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ համագործակցութենէն։ Արդէն քանի մը տարի է հիմնադրամի բոլոր ծրագիրները Արցախի մէջ իրականութիւն կը դառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական պիւտճէէն կատարուած ներդրումով։
Մեծագոյն ծրագիրը, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կ՛իրականանայ, Վարդենիս- Մարտակերտ ճամբու շինարարութիւնն է: Հիմնադրամի հոգաբարձուները 20 Մայիսին անցած են այդ ճանապարհով եւ կրցած են անձամբ գնահատել անոր կարեւորութիւնը: Արցախի վարչապետին կարծիքով՝ «այդ ճանապարհորդութիւնը նաեւ պէտք է փարատէր ազատագրուած տարածքների ճակատագրի հանդէպ եղած կասկածները»:
Արցախի մէջ ներկայիս բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կը կոչուին: Ամէնէն մեծ տարողութեամբ եղողները կա՛մ ազատագրուած տարածքներուն մէջ են, կա՛մ սահմանամերձ գօտիներուն։ Արա Վարդանեան անոնց մէջ յիշեց հանքարդիւնաբերական եւ ելեկտրականութեան նախագիծերը, որոնք կ՛իրականացուին Արաքսի ափին եւ Հիւսիսը՝ Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ, գիւղատնտեսական նախագիծերը՝ Արաքսի հովիտին մէջ եւ Թալիշի բարձունքներուն: Յառաջիկայի կարեւորագոյն նախագիծերէն մէկը պիտի ըլլայ Թարթառի ջուրերու տեղափոխումը աջափնեայ ջրանցք, որով Մարտակերտ-Ակնա միջակայքը պիտի ոռոգուի՝ աւելի քան 8 հազար հեկտար տարածք: