
Քանատայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ, Մայիս 9-10ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան:
Բոլոր Երեսփոխաններու քուէներու բարձր մեծամասնութեամբ՝ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը:
«Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ընտրեալ սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական աղօթք»ը: Ապա «Հրաշափառ» եւ «Թագաւոր երկնաւոր» շարականներու երգեցողութենէն ետք, յանուն ներկայ ժողովականութեան խօսք առաւ Խաժակ արք. Յակոբեան, որ շնորհաւորեց ընտրեալ առաջնորդը, անոր մաղթելով ծաղկուն գահակալութիւն եւ առաջնորդութիւն ի ծառայութիւն Քանատայի Հայոց թեմին: