
Շաբաթ, 10 Մայիսի կէսօրին, Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան գրասենեակներէն ներս կայացաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը եւրոերեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Եորղոս Անեսթիսի հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Յակոբ Աւագեանէն եւ Թալին Մարտիկեանէն:
Ընդհանուր զրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ մօտ օրէն կայանալիք եւրոպական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ հայութեան պահանջներուն եւ յունահայ գաղութի հարցերուն մասին: