
Երկուշաբթի, 28 Ապրիլին ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը, պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին:
Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց հայկական պար մը եւ բարձր գնահատանքի արժանանալով՝ առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ:
Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները՝ Աբովեան Սէրլի, Տեմիրճեան Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Եահնիէան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Խաչատուրեան Լորի, Մարգարեան Ռոզալին, Մաքտեսեան Լիլա, Փարլաքեան Սէրլի, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա: