
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ի առաւօտեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի 11րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ միասնաբար այցելեցին Ազգ. առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդին կողքին էին Պօղոս աբղ. Թինքճեան եւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան:
Աշակերտները նախ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ «Աստուած օգնական»ով եւ «բարի լոյս»ով ողջունեցին սրբազանը, որմէ ետք միասնաբար Տէրունական աղօթքը արտասանեցին: «Այսօր Յարեաւ» շարականի երգեցողութենէն եւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքէն ետք, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ անցնելով՝ աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Բացման խօսք արտասանեց Հայագիտական բաժանմունքի պատասխանատու դաստիարակ Գէորգ Սարգիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին ջերմ ընդունելութեան եւ հոգածութեան համար։ Հանդիսավարն էր վարժարանի ուսուցչուհիներէն Թամար Թիւֆէնքեան-Սերայտարեան։
Դաշնամուրի, կիթառի, շուիի եւ սրինգի ընկերակցութեամբ, աշակերտները անհատաբար թէ խմբովին ներկայացուցին ազգայնաշունչ երգեր եւ բանաստեղծութիւններ: Ապա, սրբազան հայրը բեմ հրաւիրուելով՝ նախ ողջունեց աշակերտներուն ներկայութիւնը իրենց հարազատ տան մէջ, ապա անդրադարձաւ անցնող շաբաթներուն յիշատակուած պատմական իրադարձութիւններուն՝ յիշեցնելով. «Քրիստոսի Յարութեան յոյսով ու հաւատքով ապրող քրիստոնեայ զաւակներուս համար, Ս. Յարութիւնը կը գօտեպնդէ մեզ դիմադրելու եւ տոկալու ամէն տեսակի դժուարութեանց»:
Իսկ Ս. Զատիկէն անմիջապէս ետք, մեր ազգի աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման մասին խօսելով՝ առաջնորդը գնահատեց աշակերտներուն մասնակցութիւնը գաղութի զանազան ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ Նահատակաց օրուան նուիրուած իրենց դպրոցի ձեռնարկի յայտագիրին համար:
Սրբազանը աշակերտներուն յիշեցուց, թէ մենք ապացոյցն ենք, որ Քրիստոսի Յարութեան յոյսով ու հաւատքով յարուցեալ ժողովուրդ մըն է հայ ժողովուրդը: Ապա ան աշակերտներուն բացատրեց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման ծրագիրը ու բարի ճանապարհ մաղթեց աշակերտներուն, որովհետեւ երկու շաբաթ ետք անոնք պիտի մեկնին Հայաստան ու պիտի այցելեն պատմական կոթողներ ու սրբավայրեր, ինչպէս նաեւ բախտաւորութիւնը պիտի ունենան այցելելու Արցախ:
Սրբազանը «Տէր ուղղեա՛ զճանապարհս» աղօթքով ու «Պահպանի»չով բարի երթ ու դարձ մաղթեց աշակերտներուն, ապա բոլորը խմբովին, նուագարաններու ընկերակցութեամբ՝ երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Լուսանկարուելէ ետք, աշակերտները ծանօթացան Ազգ. առաջնորդարանի բաժանմունքներուն եւ անոնց մէջ տարուած աշխատանքներուն:
Աշակերտները յիշատակելի օր մը ունենալէ ետք՝ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց դպրոցը: