ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ կառավարութիւնը 50 տոկոսով պիտի փոխհատուցէ Մարտի աւարտին ցրտահարութեան պատճառով տուժած գիւղացիական տնտեսութիւններու ոռոգման ջուրի, իսկ 100 տոկոսով՝ հողի հարկի հետ կապուած ծախսերը:
Ան նշած է, որ Հայաստանի նախագահին յանձնարարականով՝ կառավարութիւնը ծաւալուն աշխատանք կատարած է եւ գոյքագրած բնութեան տարերքին յառաջացուցած խնդիրներն ու պատճառած վնասները, ինչպէս նաեւ իրականացուցած է կարգ մը նախաձեռնութիւններ՝ առաջնահերթ կարգով խնդիրը կարգաւորելու եւ հասցուած վնասները մեղմացնելու համար:
Փոխվարչապետը ընդգծած է, որ ներկայ դրութեամբ ամէնէն առանցքային հարցը գիւղացիական տնտեսութիւններուն համար դրամատուներուն նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւններն ու վարկերու հետագայ մարման կապա
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.