Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրը շրջանի կրթական մարզէն ներս եզակի իր տեղը ունի: Հոն յաճախող մանուկները ոչ միայն մայրենի մեր լեզուն կը սորվին, այլ նաեւ կը ծանօթանան ու կը հաղորդակցին հայկական մեր մշակոյթին ու արժէքներուն հետ: Բնական է, որ այս աշխատանքը նիւթականի կը կարօտի, ինչի համար ալ մանկամսուրի տնօրէնութիւնն ու ուսումնական մարմինը որդեգրած են դրամահաւաքի հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ձեւ մը, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ փակելու շէնքի պարտամուրհակը՝ սեփականութիւն դարձնելով կրթական այդ օճախի շէնքը: Այո՛, դրամահաւաքի իւրայատուկ ձեւ մը, որ զետեղուելով մանկամսուրի մուտքին՝ հետաքրքրութիւնը կը շարժէ մանկամսուր այցելող կամ քովէն անցնող հայ թէ օտար իւրաքանչիւր անհատի եւ կը պարտադրէ վայրկեան մը կանգ առնել անոր առջեւ եւ ուսումնասիրել զայն: Անիկա մեր հայրենիքի մետաղեայ քարտէսն է, որուն վրայ զետեղուած են Հայաստանի մարզերը, շրջանները, լիճերը, եկեղեցիները, վանքերն ու յուշարձանները: Այն հայրենասէր անձը, որ կը փափաքի մասնակցիլ դրամահաւաքին, կը հովանաւորէ իր նախընտրած պատկերը:
Եզակի այս քարտէսի պատրաստութիւնը սիրայօժար կատարած է արուեստագէտ Արմէն Ղարաբէկեանը, իսկ աշխատանքի համադրումը՝ Ժորա Մանուչարեանը:
Գեղեցիկ այս գաղափարի նախաքայլը առնուեցաւ հանգանակային յատուկ ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2014ի երեկոյեան, Փասատինայի «Ռըքօքքօ» ճաշարանի սրահին մէջ, ուր համախմբուած էր հոծ թիւով կրթասէր հասարակութիւն մը, որուն շարքին՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Փալթայեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներ Մակի Սարգունի եւ Շարլոթ Սասունեան, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, ծնողներ, հիւրեր ու համակիրներ: Ներկայ էին նաեւ տէր եւ տիկ. Ռազմիկ եւ Ռիթա Յովսէփեանները, որոնք հաւատալով մանկամսուրի առաքելութեան՝ հովանաւորած էին հանգանակային այս երեկոն:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Պօղոս քհնյ. Փալթայեանի աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութեամբ: Հոգեւոր հովիւը նաեւ փոխանցեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարեմաղթանքները, որ հովուական այցով քաղաքէն դուրս կը գտնուէր ու զինք կը ներկայացնէր Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Հայ Դատի աշխատանքներու հաւատարիմ ծառաներէն եւ մանկամսուրի ծնողք Ռաֆֆի Համբարեանը, որ բարձր գնահատելով ձեռնարկի նպատակը՝ դրուատեց մանկամսուրի մեծութիւնը, որ իր նպատակին կը ծառայէ շնորհիւ անոր ժրաջան տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմի զոհողութիւններուն եւ կրթօճախի զօրակցողներուն: «Այսօր ես եւ դուն խոստմնալից հողի վրայ ենք: Կը պատենք դպրոց մը, որ կը ծառայէ իր համայնքին: Մեր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնենք ծնունդ տալու ամերիկահայ մեր նոր սերունդին: Մենք կը կատարենք սուրբ գործ, որուն պատճառով ալ հոս ենք այսօր: Հոս ենք՝ պատուելու անոր ուսուցիչները, մեծարելու անոր տնօրէնը, նուիրեալները եւ բոլոր անոնք, որոնք յաջողութեան սերմերը ցանեցին այս կրթօճախէն ներս», ընդգծեց Համբարեան եւ բեմը յանձնեց մանկամսուրի ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիգրան Թապագեանին:
Սրտի իր խօսքը փոխանցելով՝ Թապագեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան համար, եւ ապա ընդգծելով հայ պատանիի ուսումնական առաջին քայլերուն կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «Այսօր մեզի հետ գտնուող բոլոր անհատներուն հիմնական նպատակն է երեխաներուն տալ ընդհանուր կրթութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, անոնց հոգիներուն մէջ վառ պահել հայերէն լեզուն եւ հայկական մշակոյթը, որպէսզի անոնք ապագային դառնան փայլուն աստղեր՝ պատիւ բերելով իրենց ծնողներուն եւ ապա՝ հայ ժողովուրդին»: Այնուհետեւ, շեշտելով մանկամսուրի շէնքի սեփականացման անհրաժեշտութիւնը՝ կոչ ըրաւ ներկաներուն թիկունք կանգնելու եւ մասնակցելու այդ երազանքի իրականացման աշխատանքին:
Շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ մանկամսուրի տնօրէնուհի Հելէն Մանուչարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ծրագիրի իրականացման համար իրենց օգնութեան ձեռքը երկարած բոլոր անհատներուն եւ ի մասնաւորի արուեստագէտ Արմէն Ղարաբէկեանին՝ քարտէսի պատրաստութեան գծով անոր տարած բացառիկ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ ամուսնոյն, որ ոչ միայն քարտէսին գծով բոլոր անհրաժեշտ մանրամասնութիւնները ապահոված էր, այլ նաեւ քաջալերած էր զինք ծրագրելու եւ յաջողութեան առաջնորդելու պատմական այս ծրագիրը: Հ. Մանուչարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մանկամսուրի Ուսումնական մարմինին, որ անսակարկ աջակցութիւն ցուցաբերած էր այս ծրագիրին, ինչպէս նաեւ՝ ուսուցչական կազմին, որ ստեղծագործական երկար ժամեր տրամադրելով՝ լաւագոյնը կը փոխանցեն իրենց հոգածութեան յանձնուած մանուկներուն:
Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, որ առաջին հերթին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի շնորհաւորանքները փոխանցեց եւ ներողամտութիւն խնդրեց հոգեւոր առաջնորդի բանաւոր բացակայութեան համար: Ապա, ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես համախմբուած կրթասէր հայրենակիցներուն, որոնք կը զօրակցին մանկամսուրի զարգացման: «Դպրոց, եկեղեցի, ծնողք: Ամբողջը շղթայուած իրարու հետ՝ կարողանում են այսպիսի երեկոյ կազմակերպել, որը արդիւնք տուող աշխատանք է: Գիտենք ինչքա՛ն դժուար է այսպիսի արդիւնքի հասնելը, սակայն երբ կամք գոյութիւն ունի, անհնարինը հնարին է դառնում», ընդգծեց Պօղոսեան:
Այս բոլորէն անկախ, յատուկ երախտագիտութիւն պէտք է յայտնել Թաւլեան եղբայրներուն, որոնք քսաներկու տարիներ առաջ՝ 1992ին, զգալով կրթական այս օճախին կարեւորութիւնը՝ իրենց սիրելի ծնողներուն՝ Յասմիկի ու Լեւոնի յիշատակին, իրականացուցին անոնց եւ գաղութի երազանքը:
Մանկամսուրը, չորս աշակերտներով բացաւ իր դռները: Սակայն շնորհիւ անոր տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմերու զոհողութեանց, ծնողներու հաւատքին եւ նուիրատուներու առատաձեռնութեան, այսօր Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրը՝ չորս բաժանումներով, կը կատարէ ազգանուէր կրթական իր պարտականութիւնը՝ դառնալով Փասատինայի լաւագոյն կրթօճախը, որուն գործունէութիւնը վաւերացուած է նաեւ NAEYC-ի կողմէ: