
Հեւքոտ մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ տեղի կ՛ունենան մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսական երեկոյթներ, պարահանդէս-ճաշկերոյթներ։ Ընդհանրապէս, մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցները կը տօնեն ու կ՛ոգեկոչեն իրենց ամեակները, կը խանդավառուին եւ կը խանդավառեն իրենց կատարած բեղուն աշխատանքներով, միաժամանակ՝ կը վերանային ու կ՛արժեւորեն իրենց գործունէութիւնը։ Այդ ձեռնարկներու շարքին կը պատկանէր Շաբաթ, 15 Մարտ 2014ի երեկոյեան, Թահանկայի «The Great Caesar Banquet Hall»ին մէջ տեղի ունեցած Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Ձեռնարկը կը վայելէր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկը Նորթ Հոլիվուտի հաւատացեալներուն եւ ծխական շրջանին համար խանդավառութեան ու իրաւացի հպարտութեան աղբիւր էր՝ իրենց կտրած հինգ տարիներու ձեռքբերումները նշելու համար։
Արդարեւ, ամէն Կիրակի օր, Ս. Պօղոս ասորական եկեղեցւոյ առաւօտեան արարողութենէն ու պատարագէն ետք, յետմիջօրէի ժամը 2էն սկսեալ, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ անխոնջ հոգաբարձուները եւ հաւատացեալները, հակառակ այդ ժամի անյարմարութեան՝ կը հաւաքուին զիրենք հիւրընկալող ասորական եկեղեցին, այն յոյսով, որ հոգեւոր եկեղեցին ամրապնդելով՝ շուտով պիտի խոյացնեն նաեւ սեփական մարմնաւոր եկեղեցւոյ պատերը։ Պատարագի ընթացքին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ Կիրակնօրեայ դպրոցի սաները իրենց դասընթացք աշխատանքները կը տանին՝ միշտ երազելով ունենալ իրենց յարմարաւէտ ու սեփական մնայուն անկիւնը։ Չորեքշաբթի երեկոները, Ս. Գրոց սերտողութեան դասընթացքներուն հետեւող հաւատացեալներ եւ երիտասարդ երիտասարդուհիներ կը փափաքին ու իրականացած կ՛ուզեն տեսնել հայկական եկեղեցւոյ կառուցումը իրենց հարազատ թաղամասին մէջ։ Այս բոլոր աշխատանքները կ՛իրականացուին շնորհիւ խումբ մը հաւատացեալներու ու հեռատես անհատներու, որոնք Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը հայկական եկեղեցիով օժտելու սրբազան ու վեհ գաղափարը կը փայփայեն:
Ահա հինգ տարի է, որ Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը, հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ մեծ ոգեւորութեամբ լծուած է եկեղեցաշինութեան վեհ բայց դժուարին աշխատանքին, եւ ահա այդ երեկոյ անոնք կը տօնէին եկեղեցւոյ ու ծխական համայնքի կազմութեան հինգերորդ տարեդարձը՝ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն:
Երեկոյթի կազմակերպիչն էր եկեղեցւոյ ջանասէր հոգաբարձութիւնը, գործակցութեամբ եկեղեցւոյ Շինութեան յանձնախումբին: Երեկոյի բարիգալուստի եւ բացման խօսքը կատարեց ու այնուհետեւ հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Դարբինեանը։ Իսկ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց ու գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքեր արտասանեց Եփրեմ արք. Թապագեանը, որ հիւրաբար ներկայ կը գտնուէր սոյն ձեռնարկին:
Գեղարուեստական պաշտօնական յայտագիրին սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ դասական եւ գուսանական երգերու մեկնաբան Գագիկ Պատալեան, իսկ «Բարեկամութիւն» պարախումբը փունջ մը տոհմիկ եւ ազգասիրական բարձրորակ պարերով հանդէս եկաւ՝ խանդավառելով ներկաները։
Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան շնորհաւորեց Նորթ Հոլիվուտի հոգաբարձութիւնը ու եկեղեցւոյ երեսփոխանները եւ ծխական շրջանի հնգամեայ տօնակատարութեան առթիւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Պաղտիկ Էքմէքճեան ապրումով արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» կրօնաշունչ քերթուածը:
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Նոր Կտակարանի առակներէն «Սերմնացանի Առակը» մէջբերելով՝ դիպուկ մատնանշումներ կատարեց եւ նշեց, թէ ինչպէս չորս տարբեր սիրտեր կ՛ընդունին Քրիստոսի Աւետարանին խօսքը եւ քրիստոնէական ճշմարտութիւնները։ «Դո՛ւք էք այն ցորենը, որ եկեղեցւոյ ու հայ կեանքի սիրտին մէջ մխրճուեցաք ու ձեր նուիրուածութեամբ, գործօն աշխատանքով եւ զոհողութիւններով եկեղեցի եւ ծուխ դարձաք։ Իմ մաղթանքս է, որ միասնակամ ճիգերով, մեր հաւատքի դաշտին վրայ բարձրացնենք հայ եկեղեցւոյ գմբէթը, որպէս հաւատքի վկայութիւն», ըսաւ հայր սուրբը։ Այնուհետեւ, ան շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց երեկոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբին, տիկնանց միութեան անդամուհիներուն, եկեղեցւոյ խորանի սպասարկող սարկաւագներուն, դպ-րաց դասին, նուիրատուներուն ու բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ ու ջանք խնայած են պայծառ պահելու Հայց. առաք. եկեղեցին եւ այս օտար ափերուն վրայ հայ սերունդները առաջնորդելու դէպի հայ եկեղեցւոյ գիրկը:
Երեկոն իրենց հրաշալի ու բարձրորակ երգեցողութեամբ խանդավառեցին գնահատուած արուեստագէտ երգիչներ Առնօ Մկրտչեան եւ Արման Պախչէճեան, իսկ անակնկալ հանդէս գալով՝ Mr. X-ը առաւել ճոխացուց երեկոյթը։
Ընթրիքի աւարտին, եկեղեցւոյ տարեդարձի կարկանդակը կտրելու համար բեմ հրաւիրուեցան Եփրեմ սրբազանը, հայր Միւռոնը, Ռիմա Պողոսեանը, հոգաբարձութեան ատենապետուհին եւ հոգաբարձական կազմի անդամներ։ Այս առթիւ, յանուն Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ եւ ձեռամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, գնահատագիրներ ստացան եկեղեցւոյ աշխատանքներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Դարբինեանը եւ քարտուղար Ռաֆֆի Պեզճեանը։ Գնահատագիրներ ստացան նաեւ երեկոյթի գեղարուեստական յայտագիրին սիրայօժար մասնակցութիւն բերած «Բարեկամութիւն» պարախումբը, երգիչներ Գագիկ Պատալեանը, Առնօ Մկրտչեանն ու Արման Պախչէճեանը։
(Թղթակից)