Յարուցեալ Քրիստոսի Կենսատու Հպումը
Շուրջ երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոնեայ Եկեղեցին կը տօնէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը որպէս պատմական անուրանալի իրողութիւն: Խաչեալ Քրիստոսի յարութիւնը առաջին եկեղեցիին քարոզութեան բներգն էր:
Ի հեճուկս ամէն դարու թերահաւատներու կամ անհաւատներու յայտարարութեանց՝ եկեղեցին ամրակուռ մնացած է իր հաւատքին վրայ, թէ առաջին Աւագ Ուրբաթ խաչափայտին վրայ մեռնող Յիսուսը երեք օր ետք մեռելներէն յարութիւն առաւ: Եկեղեցին այս դաւանութեան կառչած կը մնայ այն հիման վրայ, որ եթէ Յիսուսի կեանքը Գողգոթայի բլուրին վրայ վերջ գտնէր, ան սոսկ մարտիրոս մը պիտի ըլլար եւ ոչ թէ մարդկութեան Փրկիչն ու Տէրը: Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, կարելի պիտի չըլլա՛ր իր խօսքերուն հաւատալ, քանի որ ինք յայտարարած էր՝ «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը»: Պօղոս առաքեալի վկայութեամբ՝ «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը… ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը, ինչ որ կը նշանակէ թէ մեղքերու մէջ էք… եւ մենք մարդոց ամէնէն խղճալիներն ենք» (Ա. Կորն. 15:14-19):
Քրիստոսի Յարութեան առաջին վկաները եղան իր ու հետեւորդները: Յարուցեալ Քրիստոսի կենսատու հպումը հիմնովին փոխեց անոնց կեանքն ու աշխարհայեացքը: Թաքստոցներու ետին պահուըտած երկչոտ աշակերտները Յարուցեալ Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնով լեցուած՝ Անոր քաջարի վկաները հանդիսացան: Աշակերտներու այդ փորձառութիւնը դարեր շարունակ կրկնուած է մարդոց կեանքին մէջ, որոնք իրենց կարգին զգացեր են Յարուցեալ Քրիստոսի հրաշալի ու կենսատու հպումը իրենց կեանքին մէջ, եւ իրենց ամբողջ կեանքն ու կենցաղը յեղաշրջուած էր:
Այս օրերուն քեսապահայութեան տարհանումը, հայ կազմակերպ համայնքի չէզոքացումը, հայկական կառոյցներու քանդումը եւ մեր գաղթական ժողովուրդի ճակատագիրին անորոշութիւնը՝ տեսակ մը «Աւագ Ուրբաթ» ի տխուր տպաւորութիւնը կ՛ուրուագրեն շատերու միտքին մէջ:
Բայց Քեսապի մեր քաջարի հայրենակիցները իրազեկ են Սուրբ Զատկուան մշտանորոգ պատգամին, թէ «Աւագ Ուրբաթ»ին պիտի յաջորդէ Յարութեան յաղթական առաւօտը, կեանքի խաւարամած «գիշէր»էն ետք պիտի ծագի արդարութեան արեգակը:
Մենք կը հաւատանք, որ Քրիստոսի յարութեան կենսատու հպումը իր էութեան մէջ զգացող քեսապցին անպայմանօրէն վկան պիտի դառնայ այն ճշմարտութեան, թէ վերջին յաղթանակը միշտ արդարութեանն է ընդդէմ անարդարութեան, բարիինն է՝ ընդդէմ չարին, լոյսինն է՝ ընդդէմ խաւարին:
Արդարեւ, այս Սուրբ Զատկուայ եղանակին Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը անգամ մը եւս մեր մէջ կ՛արմատացնէ այն հաւատքը, որ կարգ մը աստուածատուր սկզբունքներ որչափ ալ անտեսուին, անարգուին, կոխկրտուին եւ թաղուին՝ ի սպառ չեն կորսուիր, այլ ի վերջոյ կը յաղթանակեն: Թող խաւարամիտ, նենգամիտ եւ անիրաւ մարդիկ ուրանան, հալածեն եւ թաղեն լոյսը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց, վաղ թէ ուշ, այս յաւիտենական իրականութիւնները պիտի յաղթանակեն: Թող կեղծաւոր, անգութ եւ անիրաւ փարիսեցիները, քահանայապետերն ու կուսակալները զրպարտեն, հալածեն, խաչեն եւ թաղեն Տէր Յիսուսը, բայց Աստուած մէկդի պիտի գլորէ գերեզմանաքարը ու պիտի յարուցանէ զայն:
Այս հաւատքով զինուած՝ քրիստոնեան իր կեանքի պայքարին մէջ երբեք չի վհատիր՝ գիտնալով, որ հզօր Աստուած իր գահուն վրայ նստած կը շարունակէ գահակալել եւ պիտի չարտօնէ, որ մեղաւոր մարդիկ ի սպառ յաղթանակեն: Վերջին խօսքը Յարուցեալ եւ Յաղթական Տէրոջն է: Անոնք որոնք իրն են, կրնան հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ եւ յաղթականօրէն գոչել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի