
Նիւ Եորքի Համազգայինի 35րդ տարեկան «Գրական Գոհարներ եւ Գինի» կոչուած մտերմիկ երեկոն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 11ի երեկոյեան, Քուինզի Հայ կեդրոնին մէջ: Սրահը լեցուած էր մասնակցողներու ընտանեկան պարագաներով եւ գրականութիւն սիրողներով:
Գրական յանձնախումբի ճիգերով, Սփիւռքի զանազան շրջաններէն մէկտեղուած, տասնութը երիտասարդներ, պարման-պարմանուհիներ, հայերէնով ընթերցեցին քսան բանաստեղծութիւն եւ արձակ գործեր՝ ներկաներուն ծանօթացնելով տասներեք տարբեր հեղինակներ: Մասնակցողներէն ոմանք ամէնօրեայ, ոմանք շաբաթօրեայ դպրոց յաճախած էին եւ մի քանին ալ հայկական դպրոց չէին գացած եւ հայերէնը տան մէջ՝ ընտանիքէն սորված էին: Ունէինք հեռաւոր Վրաստանէն, եւ Անգլիայէն պարմանուհիներ:
Որոշուած ժամուն մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Աստղիկ Սեւակ ձեռնարկի բացումը կատարեց, շեշտելով որ 35 տարի է որ Նիւ Եորքի Համազգայինը անտեսելով դժուար պայմանները այս ծրագիրը կը գործադրէ ամէն գարնան, ապա հրաւիրեց Հրանդ Մարգարեանը՝ օրուան յայտագիրը վարելու: Մարգարեան նշեց կարեւորութիւնը այս օտարածին սերունդին մասնակցութեան, որ ամէն տարի Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հայերէնով կ՛ընթերցէ՝ կարծես թուրքին ըսել կ՛ուզէ՝ «ձախողեցար… գիտե՞ս, մենք դեռ կանք»:
Յայտագիրը սկսաւ Հրանդ Մարգարեանի իւրաքանչիւր հեղինակի կարճ կենսագրականի ընթերցումով: Միաժամանակ հեղինակի լուսապատկերը կը ցուցադրուէր «Փաուըր Փոյնթ»ով (PowerPoint):
Մասնակցողները ըստ իրենց տրուած ցանկին՝ յաջորդաբար բարձրախօսին մօտենալով ընթերցեցին հեղինակներու կտորները: