
Շաբաթ, Մարտ 29ին, փարիզեան հայահոծ Ալֆորվիլ արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ թրքահայ ծանօթ մտաւորական, այժմ՝ զազրելի պատրուակներով բանտարկուած Սեւան Նշանեանին զօրակցութեան երեկոյթ մը, Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Հանդիպումը կազմակերպած էր Եւրոպայի Հայկական խորհուրդը, որ այս առթիւ Թուրքիայէն հրաւիրած էր այլախոհ պատմաբան, գիտաշխատող Սայիթ Չեթինօղլուն: Այս երեկոյթը կը հանդիսանար Նշանեանին զօրակցութեան արշաւի օղակներէն մէկը: Եւրոպայի Հայկական խորհուրդը նման այլ ձեռնարկներ նախատեսած էր նաեւ Գերմանիոյ մէջ:
Երեկոյթին պաշտօնական տիտղոսը «Մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ» ըլլալով հանդերձ, գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սեւան Նշանեանի պարագային: Թէեւ աւելի ընդհանուր հարցումներ եւ զրոյցներ եղան վերջաւորութեան՝ հարցում-պատասխանի բաժինին մէջ:
Կազմակերպիչ խորհուրդին անունով երեկոյթին բացումը կատարեց Սարօ Մարտիրեան: Սրահը ծայրէ ծայր լեցուցած բազմութեան ան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւրը, յայտարարեց, թէ հոն կը գտնուի նաեւ թուրք այն յանդուգն երիտասարդ հրատարակիչը՝ «Փրոփականտա» հրատարակչատան պատասխանատուն, որ քաջութիւնն ունի հրատարակելու Չեթինօղլուի գործերը, որոնք առհասարակ չեն համապատասխաներ երկիրի պաշտօնական կեցուածքին եւ ատով իսկ մեծապէս խանգարիչ են:
Ապա խօսք առաւ գրող Անժէլ Տիքմէ, որ թրքերէնով կարդաց Սեւան Նշանեանի վերջին նամակը, նախքան խօսքը փոխանցելը օրուան գլխաւոր հիւրին:
Չեթինօղլու, որ թրքերէն արտայայտուեցաւ, ըսաւ, թէ Նշանեանի պարագան պէտք է ուսումնասիրել բազմաթիւ տեսանկիւններէ՝ կարծիքի ազատութեան, հայկական ինչքերու գրաւումին, կաշառակերութեան, հայկականութեան եւ 2015ի հարիւրամեակին դիմադարձելու թրքական պետութեան ծրագիրներուն տեսանկիւններէն:
Թուրք պատմաբանը վեր առաւ Սեւան Նշանեանի քաջութիւնը, ընդգծեց զայն լռեցնելու համար պետութեան կողմէ ի գործ դրուած «խաղերը»: Ըսաւ, թէ համաշխարհային կարծիքին ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը տպաւորութիւնը գործելու հետամուտ թրքական պետութիւնը չէր կրնար կարծիքի ազատութեան ուղղակի բռնաբարում գործելով դատապարտել Սեւանը իր գաղափարներուն համար: Ուրեմն բացատրեց, թէ Թուրքիան, որ ապօրինի շինութիւններու դրախտավայր մըն է, ուր ամէն օր կրաղիւսեայ ապօրինի բազմայարկ շէնքեր կը բարձրանան ու կը շատնան սունկերու պէս, ուր կաշառակերութեան գայթակղութիւնները իրարու կը յաջորդեն, երկիր մը, որուն մայրաքաղաքին մէջ ապօրինի վարչապետարան կը կառուցուի, քանի որ բազմաթիւ անգամներ անոր դէմ դատական վճիռներ արձակուած են, Սեւան Նշանեանի նման լուսամիտ եւ իմաստուն մարդը կը բանտարկուի գիւղական միասենեականի շինութեան մը համար, այն ալ երբ այլեւս այդ ինչքը չի պատկանիր իրեն ու զայն նուիրած է բարեսիրական հիմնարկի մը:
Թուրք պատմաբանը, որ աւելի վերջ հարցում-պատասխանի բաժինին մէջ պատասխանելով հարցումի մը, խոստովանեցաւ պոնտոսցիի իր ծագումը, ըսաւ, թէ այսօր Սեւան Նշանեան յատկապէս մահմետականութիւնը անարգելու պատճառով, բայց նաեւ զանազան այլ պատրուակներով 50 տարի բանտարկութեան վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի: Կոչ ըրաւ բոլոր ժողովրդավարներուն եւ յատկապէս հայութեան՝ անյապաղ եւ ծաւալուն կերպով ցոյց տալու թրքական պետութեան, թէ Սեւան Նշանեան առանձին չէ, լքուած չէ, թէ մեծ թիւով անոր զօրակցողներ կան աշխարհի չորս կողմը:
Կարելի է Սեւան Նշանեանին զօրակցական տողեր գրել հետեւեալ հասցէով՝ Sevan NISANYAN, Sakran T. Tipi Cezaevi, Aliaga-Sakran, Izmir/TURKEY
«Նոր Յառաջ»