Հինգշաբթի 27 Մարտ 2014ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Ան վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ ինչպէս նաեւ տեսակցած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը պարզելէ ետք Ֆելթմանին Քեսապէն ներս տիրող կացութիւնը, այդ գծով շեշտեց թրքական գործոնին կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ ՄԱԿի կողմէ քննուի Քեսապի շրջանը ապազինելու կարելիութիւնները: Ֆելթմանը շինիչ գտաւ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկը եւ խոստացաւ այս ուղղութեամբ Լախտար Իպրահիմիի հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները ունենալ: