«Հիւրրիյէթ»ի յայտնի քրոնիկագիր Տողան Հըզլան 23 Մարտի իր սիւնակին մէջ կը խօսէր «Մշակոյթ մը եւս մօտէն ճանչնալու» մասին եւ այդ մշակոյթը հայ մշակոյթն էր։ «Տողան Հըզլան սրտախօսիկ ու համակրանք արտայայտող տողեր գրի առած էր հայոց մշակոյթին, մանաւանդ երաժշտութեան կապակցութեամբ, թէեւ գիտենք, որ ան առաջին անգամ չէր որ առիթը կ՛ունենար ճանչնալու հայոց մշակոյթը: Կը գրէր որ հայերը Անատոլուի հողերուն վրայ ամէնուրեք մեծ ճիգեր վատնած էին տեղւոյն մշակոյթը ծաղկեցնելու համար», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը՝ աւելցնելով. «Գլխաւոր օրինակը՝ թուրք երաժշտութեան հայ յօրինողներու ու նուագածուներու բերած նպաստն է։ Այս տեսանկիւնէն մեկնելով ան կը խօսէր երկու ձայնապնակներու մասին»։
Առաջինը Սիպիլին «Սէր» խորագիրով նոր ձայնապնակն է։ Սիպիլի երգերուն մասին մեծ համակրանքով կը խօսի Հըզլան. «Երաժշտագէտ Նաիմ Տիլեների կողմէ գրուածները կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ պէտք է մտիկ ընել Սիպիլը։ Ան «Նամակ» երգով յեղաշրջում մը իրականացուց։ Ան հայերէն ձայնապնակ մը կազմեց։ Երգերն ու ընկերակցութիւնները այնքան կատարեալ էին, որ հրաշք մը իրականացաւ եւ ամէն մարդ կուրծքին սեղմեց այս ձայնապնակը։ Միայն երաժշտութիւնը չէ, այս երկրին պատմութիւնն ալ ամէն տեսակ գովասանքի արժանի պիտի գտնէ Սիպիլը»։
«Տողան Հըզլան ձայնապնակին վրայ ամէնէն շատ սիրեր է Անտրէի հետ միասին եւ հայ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ երգուած «Սիրոյ պատմութիւն» երգը: Ան «Սէր» ձայնապնակին վրայ կը գովէ նաեւ «Աւետեալ երկիր» երգը », կը տեղեկացնէ «Մարմարա»։
Տողան Հըզլան գովասանքի արժանի գտած է երկրորդ ձայնապնակ մըն ալ, որ ուտի վարպետ Արա Տինքճեանի քառեակին ձայնապնակն է։ Արա Տինքճեան կը գործածէ երբեմնի վարպետ Մանոլի ձեռքով շինուած արժէքաւոր ուտ մը։
«Տողան Հըզլան այս երկու հայկական ձայնապնակները գովելէ ետք կ՛աւելցնէ, որ հայերը միայն երգով ու երաժշտութեամբ չէ որ նպաստած են մշակոյթին, անոնք գրաւոր մշակոյթին ալ բերած են լայն մասնակցութիւն։ Այս անգամ Հըզլան կը խօսի Սապրի Քոզի կողմէ «Թիւրքուազ» հրատարակչատունէն հրատարակուած գիրքի մը մասին, որուն անունն է «Վարդենին Հասակ Չի Քաշեր» («Կիւլ Աղաճը Պոյ Վերմեզ»), կը փոխանցէ «Մարմարա» եւ կ՛եզրակացնէ. «Այս գիրքին մէջ տեղ տրուած են հայատառ թրքերէնով կամ հայերէնով գրի առնուած քառեակներ։ Ասոնց թիւը 329 է, բայց Հըզլան անոնցմէ քանի մը հատը հրատարակած է իր սիւնակին մէջ։ Եզրակացութիւնը սապէս է. «Պէտք է որ աւելի լաւ ճանչնանք մշակոյթը այն մարդոց, որոնց հետ միասին կ՛ապրինք։ Որպէսզի աւելի լաւ անդրադառնանք, որ ինչեր կը կորսնցնենք կամ ինչերու վնաս կը հասցնենք»»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.