
ՔԱՊԱԶՈՆ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթին մէջ, Կապրիէլ Ռիզք կը հաղորդէ, որ Կլենտէյլէն բռնցքամարտիկ Վանէս «Մղձաւանջ» Մարտիրոսեան, իր նոր մարզիչով եւ անձնակազմով, Ուրբաթ, Մարտ 21ին, իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուած է Մարիօ Ալպերթօ Լոզանոյի դէմ կայացած մրցումէն ետք, որ սփռուեցաւ «ESPN2» կայանէն:
Քալիֆորնիոյ Քապազոն քաղաքի «Մորանկօ» պանդոկին մէջ կայացած մրցումէն ետք, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 36 մրցումներ կատարած Մարտիրոսեանը ապահովեց իր 34րդ յաղթանակը՝ դառնալով Բռնցքամարտի համաշխարհային կազմակերպութեան թեթեւ միջին կշիռքի (light middleweight) միջցամաքամասային ախոյեան:
Նշենք, որ Մարտիրոսեան 32 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, անցեալ Նոյեմբերին կրած էր իր արհեստավարժ ասպարէզի անդրանիկ պարտութիւնը, որմէ ետք կարգ մը փոփոխութիւններ կատարած էր. անոնցմէ մէկն էր նոր մարզիչի մը՝ Ճօ Կուսենի, հետ մարզուիլը: