ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 2014 թուականի 20 Մարտի դրութեամբ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստանէն թարմ պտուղ-բանջարեղէնի արտածումը քառապատկուած է:
Ըստ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ Հայաստանէն նախորդ տարի արտածուած է 3312,64 թոն պտուղ-բանջարեղէն, իսկ այս տարի՝ 11,406,03 թոն:
Անոնք հիմնականօրէն կ՛ուղարկուին Վրաստան, Ռուսիա, Իրաք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Ուքրանիա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.