ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Մարտին հանդիպում ունեցած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ:
Նախագահը ներկայացուցած է 2013 թուականին տարբեր ոլորտներու մէջ Արցախի ձեռքբերումներն ու խնդիրները, 2014ին նախատեսուող ծրագիրները։ Ան անդրադարձած է երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող նիւթերուն եւ մարտահրաւէրներուն: Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան պատասխանած է ներկաներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն, լուսաբանութիւններ տուած է ներկայացուած հարցերուն առնչութեամբ։
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողութեան եւ դասախօսական անձնակազմին հետ պարբերական հանդիպումները՝ նշելով, որ մայր համալսարանը հանրապետութեան գիտակրթական մեծագոյն եւ հզօրագոյն հաստատութիւնն է, որովհետեւ կը հանդիսանայ պետութեան մարդուժի կազմաւորման, ներուժի, մտաւորականութեան ու մասնագէտներու պատրաստութեան առանցքային օղակներէն մէկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.