
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին կատարուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, 20 Մարտին Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան անդրադարձած է պատմական յիշարժան իրադարձութեան մը: Արդարեւ, 100 տարի առաջ աշխարհը ապրեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ճիրաններուն մէջ, որոնցմէ անմասն չմնաց նաեւ հայ ժողովուրդը եւ որուն ուղղակի հետեւանքն էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատերազմին մասնակից երկիրները յոբելենականը պիտի նշեն տարբեր նախաձեռնութիւններով:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմին նուիրուած ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի Ռուսիոյ մէջ, ուր առանձին բաժինով պիտի ներկայացուի կովկասեան ռազմաճակատը: Ճիշդ այս ճակատին վրայ կռուած էին Անդրանիկի, Դրոյի, Քեռիի ղեկավարութեամբ գործող կամաւորական ջոկատները: «Եւ դրանք ոչ թէ թուրքական պետութեան դէմ ընդվզած ապստամբներ էին, ինչպէս սիրում է ձեւակերպել թուրքական պատմագրութիւնը, այլ մարդիկ, ովքեր վրէժ էին լուծում իրենց հայրենակիցների դէմ իրականացուած սպանդի համար», յայտնած է Վիրաբեան։ Անոր համաձայն՝ այս մասին կը վկայեն ազգային արխիւին մէջ պահպանուող բազմաթիւ վաւերագիրները:
Հայաստանի ազգային արխիւը կը պատրաստէ նաեւ «Հայերի Մասնակցութիւնն Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին» վերնագիրով ռուսերէն ժողովածու մը, որ հաւանաբար լոյս տեսնէ Մոսկուայի մէջ: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն՝ ազգային արխիւի տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ արդէն հրատարակուած է «Հայերի Ցեղասպանութիւնն Օսմանեան Թուրքիայում» եռահատոր ժողովածուն, որուն առաջին հատորը լոյս տեսած է նաեւ անգլերէնով: «Շատ ուշացած, բայց փորձելու ենք ստեղծել ցեղասպանութեան զոհերի անունների շտեմարան», յայտնած է Ամատունի Վիրաբեան:
Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդը ի վերջոյ հայրենիք կորսնցուց, Վիրաբեանի ձեւակերպումով՝ «հայրենակորուստ դարձաւ, կորցրեց մշակութային հսկայական ժառանգութիւն, նաեւ սեփական ունեցուածք»: 1918-19 թուականներուն Յովհաննէս Թումանեանի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած է յանձնախումբ մը, որ հաշուած էր հայերուն նիւթական կորուստները Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն: Ֆրանսական ֆրանքով կատարուած հաշիւները պէտք է ներկայացուէր փարիզեան համաժողովին, որպէսզի հայերը փոխհատուցում ստանան, բայց այդ մէկը չեղաւ: Ամատունի Վիրաբեան ցաւով նշած է, որ «հայերս սովոր ենք ամեակից ամեակ յիշել ու նշել ինչ որ բաներ»: «Մինչդեռ պէտք է անընդհատ աշխատանք տանել», յայտնած է ան։