ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիրակի, Մարտ 16ին, «Ռատիքալ» թերթին մէջ դոկտ. Ալփեր Հասանօղլու վերի խորագրին ներքեւ հրատարակած էր յօդուած մը, որուն մէջ գրած է. «Եթէ յանցանքի մը մասին լուր ունիք եւ ձայն չէք հաներ, ատիկա կը նշանակէ, որ դուք ալ մասնակից կ՛ըլլաք գործուած յանցանքին»։
Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ «Կեզի»ի դէպքերուն ու կը գրէ, որ շատ բնական էր, որ անոնց ընթացքին մահացած 15ամեայ Պերքին Էլվանի համար ժողովուրդը փողոց թափէր, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ պէտք է ընդունիլ, որ այս ժողովուրդին ցուցաբերած զայրոյթի պատկերը երկրի ապագայի տեսակէտէն մտահոգիչ է, որովհետեւ հակառակ անոր «Կեզի»ի դէպքերու պատճառով ժողովուրդը զայրոյթ արտայայտած է, ան «ո՛չ 1915ին սպաննուած հայերուն եւ ոչ ալ հարաւարեւելքի մէջ սպաննուած քիւրտերու համար ձայն հանեց»։
«Այշէ Գուլին հեռատեսիլէն ուղղակի հաղորդումին ընթացքին «հայերը ջարդելու համար իրաւացի պատճառներ ունէինք», ըսաւ, իսկ քիւրտերուն համար ըսաւ. «Քիւրտերը իրաւացիօրէն սպաննուեցան, որովհետեւ անոնք երկիրը բաժան բաժան ընել ուզեցին»։ Ահա այսպէս, թուրք ժողովուրդը միշտ ինքզինք իրաւացի հռչակելու պատճառաբանութիւն մը գտած է, որպէսզի լռէ եւ աչք գոցէ իրականութիւններու դիմաց։ Այդ իսկ պատճառով, որքան ալ իրաւացի ըլլայ իր փողոցներու մէջ ըլլալը, թուրք ժողովուրդը յանցաւոր է», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.