ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի թանգարանի աշխատակիցները քաղաքին պատմական ամրոցին մէջ պեղումներու ընթացքին քարանձաւ մը յայտնաբերած են:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Ուրֆայի քաղաքային թանգարանի հնագէտները այս պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած քարանձաւին մէջ հայերու գերեզմաններ յայտնաբերած են:
Կը նշուի, որ գերեզմաններուն մօտ գտնուած են նաեւ թագաւորական գահ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի, Մարիամ Աստուածածնի եւ այլ սրբապատկերներ:
Նշենք, որ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Ուրֆան հիմնած է հայ թագաւոր Աբգարը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին թագաւորը կը նկատուի: Աբգար թագաւորը պատկերուած է հայկական 100 հազարնոց դրամանիշին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.