
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի Հայց. եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի կառուցումը աւարտեցաւ եւ Շաբաթ, Մարտ 1ին, անոր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ՝ ներկայութեամբ 50 աշակերտներու եւ իրենց ծնողներուն:
Դպրոցի տնօրէնուհի Լաուրա Խլղաթեան հրաւիրեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանը, բացման արարողութիւնը կատարելու, ապա տնօրէնուհին ուսուցիչները ծանօթացուց հանդիսականներուն:
Տէր հայրը ընթերցեց թեմի Շաբաթօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն դոկտ. Էլի Անդրէասեանի շնորհաւորական նամակը՝ ուղղուած աշակերտներուն եւ ծնողներուն:
Տէր հօր պատգամէն ետք, դպրոցի աշակերտները, որոնք նախապէս պատրաստուած էին ուսուցիչներու կողմէ, ելոյթ ունեցան՝ արտասանելով տարբեր բանաստեղծութիւններ:
Տէր հօր «Պահպանի»չով փակուեցաւ հանդիսութիւնը, որմէ ետք աշակերտները բաժնուեցան տարբեր դասարաններ եւ սկսաւ դասաւանդութիւնը:
Եկեղեցւոյ եւ ընդհանուր համալիրի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին: