ՊԸՐՔԼԻ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մարտ 16ին, կ.ե. ժամը 3:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ գործարարական հարցերու խորհրդաժողով մը՝ «Տուն տանող ճամբան. Սփիւռքի մէջ յաջողութեան սահմանումը» խորագիրով:
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի գործարարական «Հաաս» բաժանմունքի «Էնտըրսըն» սրահին մէջ: Ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Արամ Այվազեան («Կուկըլ»էն), Սարա Լիա Ուիթսըն (Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւն), Քրիսթին Սուսա («Սիմենթեք»), Ալեքս Սաղաթէլեան («Սիսքօ»), Ադամ Քապլանեան («ՓլազմաՍի») եւ Քեւըն Մինասեան («Նորչըմ»):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.