ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի ՀԲԸՄի կեդրոնին մէջ, Փետրուար 27ին, ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հովանաւորութեամբ կայացաւ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքաթթի գիրքին շնորհանդէսը: «Ոչ Մէկ Տեղ՝ Աքսորի Մը Պատմութիւնը» խորագիրով գիրքին մէջ կ՛արտացոլան հեղինակի անձնական պատմութիւնն ու յուշերը՝ Պաքուի հայութեան դէմ իրականացուած ոճրագործութիւններուն վերաբերեալ:
Իբրեւ դեռահաս աղջիկ, Աննան ականատես եղած է ողբերգութեան սարսափելի իրադարձութիւններուն, իր ընտանիքին հետ միասին մազապուրծ կը փախչի Ատրպէյճանէն եւ ստիպուած կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն ինչ սկսիլ սկիզբէն: Գիրքին մէջ հեղինակը կը պատմէ վերապրողներուն եւ հայութեան վրայ այդ ոճրագործութիւններուն պատճառած ծանր հետեւանքներուն մասին:
ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան բարձր գնահատելով հեղինակի իւրօրինակ գործը եւ կարեւորելով Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային կարծիքի իրազեկման ուղղուած հեղինակի շարունակական ջանքերը, նշեց, որ ամէնամեայ ոգեկոչման արարողութիւնները առիթներ են ի մի բերելու համահայկական ներուժը՝ Ատրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութեան» եւ կեղծ քարոզչութեան դէմ արդիւնաւէտ ոճ, նպատակաուղղուած պայքար տանելու համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, ամերիկահայ երիտասարդներ եւ օտարներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.