
Սուրիոյ Առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի, Հալէպի Առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Արաբ-պելճիքական (եւրոպական) վարիչ-տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ կոչ ուղղեց Սուրիոյ խորհրդարանին՝ ընդառաջելու իրաւունքի կոչին, ինչպէս նաեւ գիտակցելով իր ազգային անշեղ սկզբունքներուն եւ պատմական կեցուածքներուն՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հրէշային հանգրուանները գործուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախահայրերուն ձեռամբ, եւ որուն զոհ գացած են մէկուկէս միլիոն հայեր
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ արդէն իսկ ճանչցուած է Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ պէտք է մղէ, որ Եգիպտոսի խորհրդարանը իր կարգին ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի մէջ այս մասին որոշ նշոյլներ արձանագրուեցան:
Հարկ է նշել, որ սուրիացի ժողովուրդին դէմ Էրտողանի գործած արարքները կարելի չէ համեմատել եգիպտացիներուն հաշուոյն գործուած թրքական ահաբեկչութեան, ոճիրներուն, տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներուն քանդումին, ինչպէս նաեւ՝ անոր գործարաններուն գողութեան հետ:
Ետալեան նշեց, որ ամերիկեան եւ եւրոպական աւելի քան 20 խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն, մինչ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները, որոնցմէ գլխաւորը՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը, շարունակած են ուրացման քաղաքականութիւնը եւ ժխտած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որ մարդկութէան ճակտին դրոշմուած է:
Ան ընդգծեց, որ թուրք ժողովուրդը բարեկամ է հայ ժողովուրդին, նկատի ունենալով, որ անոնք միասին գոյակցած են աւելի քան չորս դար եւ ոչ մէկ արգելք կայ, որ անոնք դարձեալ հաշտութիւն գոյացնեն, եթէ Թուրքիա ճանչնայ իր ջարդարարներուն ճակատներուն ամօթի կնիք մը նկատուող Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ետալեան մաղթեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը Սուրիոյ խորհրդարանին առաջարկուելու պարագային, սուրիացի երեսփոխանները ճանչնան զայն՝ իբրեւ պատմական իրաւունք սուրիահայութեան, որ կարեւոր մէկ շերտն է անարդարութիւնն ու սպանդները մերժող սուրիական ընկերութեան:
Ետալեան դրուատեց սուրիացիներուն դերակատարութիւնը՝ հայ ժողովուրդը հիւրընկալելու եւ անոր վէրքերը ամոքելու եւ սփոփելու առումով: «Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կեցուածքները, ինչպէս նաեւ կը հպարտանանք սուրիական մեր ինքնութեամբ եւ մեզի սիրելի Սուրիայով: Կը հաստատենք, որ Սուրիոյ հողերէն մեզի հեռացնելու թրքական բոլոր փորձերն ու դաւադրութիւնները պիտի ձախողին, որովհետեւ Սուրիոյ հողերը նաեւ մեր հողերն են եւ մեզի դէմ գործուած բռնագաղթի, ոճիրներու եւ վայրագութեան քաղաքականութիւնները յօդս պիտի ցնդին», շեշտեց ան:
Ետալեան պահանջեց նաեւ օգտուիլ թրքական հանրային կարծիքէն, թուրք այլախոհներէն, որոնք կը զօրակցին հայկական իրաւունքներուն եւ կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ գործուած է Ճեմալ փաշային կողմէ, 1915ին, արաբ ազատականները ոճիրի ենթարկելու զուգահեռ:
«Անկարելի է այլեւս ընդունիլ, որ համաշխարհային կարծիքը եւ յատկապէս թրքական հանրային կարծիքը շեղին իրականութենէն: Բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ կը մերժեն Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն իրենց կառավարութիւններուն՝ փախուստ չտալու իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ: Ամբողջ աշխարհի խորհրդարանները, որոնց շարքին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանը, օրինական բոլոր միջոցառումներուն պէտք է դիմեն՝ ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապագային արգիլելու համար անոր կրկնութիւնը», եզրափակեց Ետալեան: