ԵՐԵՒԱՆ.– «Գազի հետ կապուած մենք ունէինք մի իրավիճակ, որ քաղաքական մեծամասնութիւնն էլ գիտակցեց, այդտեղ խնդիրներ կան եւ որ պէտք է գտնուեն այնպիսի մեխանիզմներ, որ ապագայում մենք կարողանանք խուսափել նման խնդիրներից: Այնպէս որ կարեւոր է, որ կայ խնդիր, որը պէտք է փորձենք հասկանալ ու գնահատել եւ ոչ թէ այն, թէ ում կողմից է դա առաջարկուել ու ստեղծուել»։ 28 Փետրուարին, Ազգային ժողովի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը:
«Նայիրիտ»ի հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման իրենց նախագիծի մերժման առնչութեամբ Վարդանեան դիտել տուած է, որ գործարանին առնչուող խնդիրները համապատասխան յանձնաժողովի մէջ քննարկելը երբեք պիտի չխանգարէր «Ռոսնեֆտ»ի հետ բանակցութիւնները, ինչպէս պատճառաբանեցին կառավարութիւնն ու մեծամասնութիւնը, այլ ընդհակառակը. «Խոստացան, որ «Նայիրիտ»ի հարցը կը քննարկուի աշնանը, բայց մեր մտահոգութիւնները շատ են այս ժամկէտի առումով՝ չքայքայուի մասնագիտական կազմը, սնանկ չյայտարարուի: Մենք մտածում ենք, որ անգամ եթէ Ազգային ժողովն չգնաց յանձնաժողովի ձեւաւորմանը, բայց դատախազութիւնը պէտք է զբաղուի այս խնդրով: Իսկ մենք պատրաստւում ենք հրապարակային քննարկում անել, հրաւիրելով ոլորտի մասնագէտների, որպէսզի հասկանանք, թէ ինչ է կատարուել «Նայիրիտ»ի հետ անցած տարիներին»:
Մարտ 1ի դէպքերուն մասին Վարդանեան ըսած է. «Ես գտ-նում եմ, որ քաղաքական էջը փակելու ժամանակն է: Զոհերի հարազատները պէտք է աջակցութիւն ստանան»:
Թղթակիցներէն մէկը հարցուցած է, որ արդեօք կը կիսէ՞ այն կարծիքը, որ մինչեւ իշխանափոխութիւն չըլլայ Մարտ 1ի իրադարձութիւնները չեն բացայայտուի. Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Մարտ մէկի գործին մէջ բացայայտուած չէ միայն այն, թէ որո՞նք են սպանութիւններուն պատասխանատուները, մնացածը բոլորին աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ։
«Որ ոստիկանի զէնքից կոնկրետ ով է զոհուել, սա է հարցը: Պէտք է առաւելագոյնն անենք եւ մենք կողմ ենք դրան, որ բացայայտուեն սպանողներն ու աջակցութիւն ցուցաբերուի զոհուածների ընտանիքներին», ընդգծած է Աղուան Վարդանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.