ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 11ին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այցելեց Ազգ. առաջնորդարան, ուր ան մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Առաջնորդին կ՛ընկերանային Պօղոս աբղ. Թինքճեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան ու Թորոս Քէչէճեան:
Փորթանթինօ, որ Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբի անդամ է, սրբազան հօր տեղեկացուց վերջին զարգացումներուն մասին՝ նշելով, թէ Փասատինայի քաղաքապետարանը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է ծրագիրը եւ թէ յառաջիկայ շաբաթներուն վերջնական ճարտարապետական ձեւը պատրաստ պիտի ըլլայ: Փորթանթինօ նաեւ տեղեկացուց, թէ յանձնախումբը ծրագրած է հիմնօրհնէք կատարել Ապրիլ 24ի օրը:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն մասին խօսելով՝ սրբազանը շեշտեց, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ է որ գաղութին մէջ միասնական ճիգերով իրագործուին, ինչպէս օրինակ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան միացեալ մարմինի աշխատանքը:
Աւարտին, Փորթանթինօ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին եւ հայ համայնքին՝ իրենց մշտական աջակցութեան համար: Սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց պատուարժան հիւրին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, ապա անոր փոխանցեց յուշանուէր մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.