
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա» – Պատմաբան Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ ստորագրած է երկարաշունչ յօդուած մը, որ կը քննարկէ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին )ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ ընդունուած որոշումին սխալ կողմերը: Աքչամ այս հարցին կը մօտենայ իրաւագիտական տեսանկիւնէ` ծանրանալով վճիռին իրերամերժ տեսակէտներուն վրայ: Ընդհանուր խորագիրը արդէն բաւական խօսուն է` «Հրէական Ողջակիզումը չէք կրնար ուրանալ, բայց Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ազատ »:
Յօդուածագիրին մայր գաղափարը այն է, որ ԵՄԻԱն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը կարծիքի ազատութեան սահմանին մէջ կ՛առնէ, մինչ Հրէական Ողջակիզումը անկէ դուրս կը պահէ, որովհետեւ ԵՄԻԱի որոշումին մէջ բոլոր ցեղասպանութիւններուն մասին չէ խօսուած, այլ խօսուած է միայն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Այս կերպով` ԵՄԻԱ խտրականութիւն կը դնէ նշեալներուն միջեւ:
Աքչամ կը բնութագրէ երկու հակադիր այն հոսանքները, որոնցմէ մէկը կարծիքի ազատութեան բռնաբարում կը նկատէ ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ դրուած պատժական արգելքը, իսկ միւսը` կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ կարծիքի ազատութիւնը ունի իր սահմանափակումները, որոնք պէտք է յարգուին: Աքչամ կը գրէ, թէ որոշ տեսանկիւնէ մը կարելի է իրաւացի նկատել ցեղասպանութեան ուրացումը կարծիքի ազատութեան բռնաբարում նկատելու տրամադրութիւնը: Որոշ նրբերանգներով` միջին տեսութիւններ հրապարակ կը քշուին. օրինակ` կը պահանջուի, որ ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն չնկատուի, պայմանաւ, որ այդ ուրացումին մէջ մարդոց դէմ ատելութեան քարոզչութիւն չկատարուի, եւ այլն:
Այս վերլուծումներէն ետք, Աքչամ կը պնդէ, թէ ԵՄԻԱի թերութիւնն այն է, որ մեկնած է սխալ տուեալներէ: Սխալներէն առաջինը հետեւեալն է. ըստ ԵՄԻԱի` Տողու Փերինչեք ընդունած է, որ սպանդներ պատահած են, բայց չէ ընդունած, որ այդ սպանդները իրաւագիտական գետնի վրայ ցեղասպանութիւն նկատուին:
«Կարծէք, թէ ԵՄԻԱի առջեւ կայ անմեղ գիտնական մը, որ կ՛ընդունի հայերու դէմ սպանդներու իրողութիւնը, սակայն ցեղասպանութիւն անունը տալ չ՛ուզեր այդ սպանդներուն: Մինչդեռ Տողու Փերիչեքի կեցուածքը այդպէս չէ. Փերինչեք կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ 1915ի սպանդները յանցագործութիւն չեն: Ան չի պախարակեր 1915ի աքսորն ու սպանդները: Ընդհակառակը, ան կ՛ըսէ, թէ ասոնք հայրենիքի պաշտպանութեան համար էին ու ճիշդ էին, ընդունելի էին: Իր այս համոզումին հետեւանքով ալ Փերինչեք տենդագին գործունէութեան ձեռնարկած է, որպէսզի գովէ այդ սպանդներուն կազմակերպիչները ու անոնց յիշատակները յաւերժացնէ: Այս նպատակով կազմուած է «Թալէաթ փաշա» անունով մարմին մը, որ աշխարհի մէջ ամէն կողմ կը ջանայ յաւերժացնել Թալէաթ փաշայի արդար պատկեր մը: Փերինչեքի ամբողջ գործունէութիւնը ուղղուած է 1915ի սպանդները պաշտպանելու նպատակին: Փերինչեք եւ գործակիցները հայերու դէմ բացայայտօրէն ատելութեան յանցագործութիւններու դիմած են. անոնք ճամբայ բացած են բազմաթիւ սպանդներու, որոնցմէ մէկն ալ Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր», կը գրէ Աքչամ:
Աքչամ նաեւ լուրջ սխալ մը կը նկատէ Հրէական Ողջակիզումն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրարմէ անջատելու կեցուածքը: