Միջազգային հեղինակութիւն ունեցող խումբ մը գիտնականներ բաց նամակ մը ուղարկած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպա- կան ատեանին )ԵՄԻԱ), իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով Տօղու Փերինչեքի դատին առնչութեամբ արձակուած վճիռին առթիւ:
Փերինչեք 2005ին Զուիցերիոյ մէջ հրապարակաւ եւ դիտումնաւոր կերպով ուրացած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ զայն անուանելով «միջազգային սուտ»։
Ընդառաջելով Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան բողոքին, 2007ին Փերինչեք դատապարտուած եւ տուգանքի ենթարկուած էր՝ ազգային խտրականութեան մեղադրանքով։ Զուիցերիոյ վճռաբեկ ատեանը հաստատած էր այդ վճիռը՝ նշելով, որ Փերինչեք խախտած էր պատժական օրէնքի 216րդ յօդուածը։ Զուիցերիոյ խորհրդարանը 2003ին ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Աւելի ուշ, Փերինչեք դիմում կատարած էր Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին, բայց այս ատեանը եւս վերահաստատած էր նախկին վճիռը, իսկ Յունիս 2008ին, Փերինչեք իր դատավճիռին դէմ բողոքելու համար դիմում կատարած էր ԵՄԻԱին՝ դիտել տալով, որ իր բազմաթիւ իրաւունքները, որոնց շարքին՝ խօսքի ազատութեան իրաւունքը, խախտուած են զուիցերիական դատարաններուն կողմէ։ Ան 140 հազար եուրօ փոխհատուցում պահանջած էր՝ բարոյական ու նիւթական վնասներու, ինչպէս նաեւ դատական ծախսերու համար։
Դեկտեմբեր 17, 2013ին, ԵՄԻԱի եօթը դատաւորներէն հինգը որոշեցին, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Սակայն ատեանը չբաւարարեց Փերինչեքի մնացեալ բոլոր պահանջները եւ մերժեց փոխհատուցման դիմումը։
Միջազգային հեղինակութիւն վայելող վերոնշեալ պատմագէտները, իրենց նամակին մէջ կը նշեն, թէ ԵՄԻԱի վերոյիշեալ վճիռին մէջ տեղ գտած են պատմական անճշդութիւններ ու բովանդակային սխալներ։ Նամակի հեղինակները կ՛ընդգծեն, թէ իրենք վիճաբանութեան նիւթ չեն դարձներ մարդկային հիմնական իրաւունքներէն մէկը՝ խօսքի ազատութիւնը, այլ պարզապէս մտահոգութիւն կը յայտնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման առնչութեամբ։ Ի պատասխան դատավճիռի այն կէտին, ուր կասկածի տակ կ՛առնուին 1915ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կոչելու ճշմարտացիութիւնը՝ բաց նամակին մէջ կը ներկայացուին կարգ մը փաստեր՝ որոնք հրապարակուած են ցեղասպանագէտներու կողմէ։ Կը յիշեցուի, որ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը 1997ին միաձայն քուէարկութեամբ ընդունած է որոշում մը, ըստ որուն՝ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած է Հայկական Ցեղասպանութիւն. հոն նաեւ կը նշուի, որ 2000ին հրեայ եւ օտար 100 ցեղասպանագէտներ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը եւ 1915ի դէպքերը որակած են «ցեղասպանութիւն»։
Այս եւ նմանօրինակ այլ փաստերու յիշատակութեամբ, նամակին հեղինակները կը վերահաստատեն Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական հաւաստիութիւնը եւ դիտել կու տան, որ ԵՄԻԱի որոշումը կը նպաստէ թրքական աւանդական ժխտումի քաղաքականութեան։
Նամակին մէջ նշուած է.
«Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարողներուն յստակ համոզումն է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային ջարդերը ամբողջովին կը համընկնին ՄԱԿի՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման եւ պատժման ուխտին կողմէ սահմանուող «ցեղասպանութիւն» բառի մեկնաբանութեան»:
Նաեւ՝ «Հայերուն կոտորածները Ռաֆայէլ Լեմքինի համար հիմք ծառայած են «ցեղասպանութիւն» իրաւական հասկացութիւնը սահմանելու համար, եւ Լեմքինի բնորոշմամբ՝ հայերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան»:
Վերջապէս՝ «Ատեանի որոշումին մէջ կը նշուի, որ «1915ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» բառով չբնորոշելը չի կրնար հայերու դէմ ատելութիւն պատճառել»: Սակայն Հրէական Ողջակիզումի ժխտումը հակասեմականութեան առանցքային դրոյթ կը նկատուի: Կը փափաքինք ընդգծել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը դարձաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ հայերու նկատմամբ բռնութիւններու պատճառ»:
Բաց նամակի հեղինակները ԵՄԻԱէն կը պահանջեն վերատեսութեան ենթարկել իրենց վճիռը։ Նամակը ստորագրած են 35 գիտնականներ, որոնց կարգին են՝ Թաներ Աքչամ, Թեսա Հոֆման, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Մարկրիթ Լավինիա Անտըրսըն, Ճոյս Ափսել, Փիթըր Պալաքեան, Անեթ Պեքըր, Իսրայէլ Չարնի, Եայիր Աուրոն, Վոլֆանկ Կուստ, Տոնալտ Պլոքսհամ, Տանըլտ Միլըր, Ճէյմզ Ռասըլ, Իվ Թեռնոն եւ Հենրի Թերիոթ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.