ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը եւ ՄԱԿի Երեխաներու հիմնադրամը 12 Փետրուարին ստորագրած են երկամեայ ծրագիրի վերաբերող համագործակցութեան համաձայնագիր, որ պիտի օգնէ բարելաւելու Հայաստանի 0-5 տարեկան երեխաներու առողջութիւնն ու սնուցումը:
Վերջին Ժողովրդագրութեան եւ առողջութեան հարցերու հետազօտութիւնը (ԺԱՀՀ) Հայաստանի երեխաներու սնուցման կարգավիճակի վատթարացման միտում բացայայտած է: Համաձայն ԺԱՀՀի՝ հինգ տարեկանէն ցած տարիքի երեխաներուն 19 տոկոսը լաւ ու առողջարար սնուցում չի ստանար՝ մայրերուն կողմէ սխալ ձեւով կերակրուելու իբրեւ հետեւանք: Նորածիններուն եւ փոքր երեխաներուն առողջութիւնը կախեալ է լաւ սնուցումէն: Թերսնուցումը կ՛աւելցնէ հիւանդութիւնները եւ կը բարձրացնէ մահացութեան վտանգը:
Հանրային առողջութեան այս հարցին դէմ կանգնելու նպատակով ՄԱԿի Երեխաներու հիմնադրամը կ՛աշխատի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ուըրլտ Վիժըն» կազմակերպութեան հետ՝ Հայաստանին օժանդակելով մօր եւ մանկան առողջութեան հարցերուն առնչութեամբ: Յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի նորածիններու եւ փոքր երեխաներու սնուցումը, ինչպէս նաեւ երեխաներուն սնունդին մէջ կենսանիւթերու եւ հանքային նիւթերու անբաւարարութեան կանխարգիլման: Մանուկները ճիշդ ձեւով կերակրելու մասին տեղեկութիւններ կը տրուի տեղական բժշկական հաստատութիւններուն ճամբով՝ ամբողջ երկրին տարածքին։
Ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ համայնքային, մարզային եւ ազգային մակարդակով սնուցման վերահսկողութեան եւ գնահատման համակարգին, ինչպէս նաեւ աշխատանք պիտի տարուի բարելաւելու ընտանիքին եւ համայնքի իրազեկութիւնը երեխաներու խնամքին, սնուցման գործելակերպին, երեխաներու աճին եւ զարգացման վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.