
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ժամանակակից հայ արձակի նշանաւոր ներկայացուցիչ Հրանտ Մաթեւոսեան այս տարի պիտի ըլլար 79 տարեկան: Ականաւոր գրողին ծննդեան օրը՝ 12 Փետրուարին, Մաթեւոսեանի հարազատները, ընկերները եւ ընթերցողները այցելած են Կոմիտասի անուան պանթէոն, ծաղիկներ զետեղած անոր շիրիմին վրայ։ Գրողի որդին՝ «Հրանտ Մաթեւոսեան» մշակութային- բարեգործական հիմնարկի ղեկավար Դաւիթ Մաթեւոսեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ գրողին ծննդեան օրուան առիթով պանթէոն այցելած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ներկայացուցիչներ Երեւանի քաղաքապետարանէն, Հայաստանի Գրողներու միութենէն, Հրանտ Մաթեւոսեանի անունը կրող դպրոցէն եւ պարզապէս մաթեւոսեանական արուեստը գնահատողներ: «Այժմ մեր գերխնդիրն է պատրաստուել Հրանտ Մաթեւոսեանի 80ամեակին: Ներկայումս մենք աշխատում ենք Երեւանում «Հրանտ Մաթեւոսեան» մշակութային կենտրոնի կառուցման նախագծի վրայ: Աբովեան պուրակի շրջակայքում նախատեսուած տարածքը կը վերածուի մաթեւոսեանական միջավայրի: Մշակութային կենտրոնում մոդելաւորուած կը լինի Հրանտ Մաթեւոսեանի աշխատանքային տարածքը՝ բնակարանը, աշխատասենեակը: Նախատեսուած է, որ գոնէ կենտրոնի շէնքի պատերը կը բարձրացուեն յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքում», յայտնած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:
Կեդրոնին կից պիտի կառուցուի հիւրատուն, ուր պիտի հիւրընկալուին մաթեւոսեանական արուեստը ուսումնասիրողները: Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ դահլիճ, ուր պիտի կազմակերպուին տարատեսակ մշակութային նախաձեռնութիւններ:
«Ստեղծուելիք կենտրոնը կը զբաղուի մաթեւոսեանական ժառանգութեան ուսումնասիրութեամբ եւ տարածմամբ: Մեր գերխնդիրն է տէր կանգնել Հրանտ Մաթեւոսեանի գրական ժառանգութեանը եւ փոխանցել այն սերունդներին», աւելցուցած է Դաւիթ Մաթեւոսեանը:
Գրողի որդին ընդգծած է, որ Մաթեւոսեանի տուն-թանգարանի վերանորոգման առնչուած ծրագիրներ կան, ինչպէս նաեւ հիմնարկը մտադիր է իրականացնել Մաթեւոսեանի ստեղծագործութիւններու ակադեմական հրատարակութիւնը: