ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ օրեր շարունակ մելան կը հոսեցնեն Սոչիի Ողիմպիականներու բացման հանդիսութեան արարողակարգին մասին՝ ընդգծելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցը նստեցուցած էր «անջատողական» ղեկավարներու կողքին։ Արդարեւ, վրացական «Կրուզիա» լրատուական կայքը գրած է, թէ արարողութեան ընթացքին Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ղեկավարները օթեակի մը մէջ նստած էին՝ Փութինի ու Իլհամ Ալիեւի հետ միասին:
Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա, Վրաստանի ինքնավար մարզեր էին, որոնք իրենց անկախութիւնը հռչակեցին 2008ի Օգոստոսին, Ռուսիա-Վրաստան հնգօրեայ պատերազմին հետեւանքով:
Վրաստանի Ողիմպիական յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն՝ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ղեկավարները պաշտօնապէս հրաւիրուած հիւրերու ցանկին վրայ չկային։ Վրաստանի իշխանութիւնները յիշեալ ղեկավարները հռչակած են անջատողական ղեկավարներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.