ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանի բարոյական արժէքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը խստօրէն դատապարտած է ինը օրէնսդիրներ, որոնք ամբաստանուած են Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու դիտարկման ընթացքին կառավարութենէն կաշառք վերցնելու յանցանքով:
«EurActive» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոխորհրդարանի անդամներ Քրիսթինա Օյուլանտ (Էսթոնիա), Եացեք Վիոսովիչ (Լեհաստան), Սլաւի Պինեւ (Պուլկարիա), Եիրի Մաշթալքա (Չեխիա), Իվօ Վայկլ (Սլովենիա), Ալեքսանտրա Թէյն (Գերմանիա), Հանու Թաքուլա (Ֆինլանտա), Օլեկ Վալիալօ (Խրուաթիա) եւ Նիք Կրիֆըն (Բրիտանիա), անցեալ Հոկտեմբերին այցելած են Ատրպէյճան, նախագահական ընտրութիւնները դիտարկելու առաքելութեամբ:
Խորհրդարանականները իբրեւ թէ «մոռցած» էին Եւրոխորհրդարանին յայտնել, որ հրաւիրուած են ատրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ, եւ հակառակ օրէնքին, այդ ճամբորդութեան մասին տեղեկութիւններ չէին նշած իրենց կայքերուն վրայ:
Յանձնախումբը հաւանական կը նկատէ, որ Եւրոխորհրդարանի նշեալ անդամները «պարգեւատրուած ըլլան» իրենց կատարած առաքելութեան համար, յատկապէս, որովհետեւ խումբը իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ նշած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները «ազատ եւ արդար» էին:
Անոնց այդ գնահատականը չի համապատասխաներ ԵԱՀԿի զեկոյցին, ուր շեշտուած էր, թէ արտայայտուելու եւ հաւաքներու ազատութեան հետ կապուած «լուրջ խնդիրներ» արձանագրուած էին ընտրութիւններուն ընթացքին: Նաեւ կը նշուի, թէ անցած Նոյեմբերին Կայունութեան եւրոպական նախաձեռնութիւն կազմակերպութիւնը արդէն իսկ ահազանգած էր, որ Ատրպէյճանի ընտրութիւններուն վերահսկումը լրջութեամբ չի կատարուիր:
«Ուրախ ենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը գործնական քայլերու կը դիմէ Պրիւքսէլ հասած «խաւիարային դիւանագիտութեան» դէմ: կը յուսամ, որ անոնք միշտ արթուն կ՛ըլլան՝ պատմական փաստերը աղաւաղող ատրպէյճանական գործողութիւնները նկատելու եւ զանոնք կասեցնելու համար», նշած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Պետօ Տէմիրճեան:
Ըստ Եւրոխորհրդարանի կանոններուն՝ 150 եուրոյէն աւելի որեւէ նուէր պէտք է նշուի օրէնսդիրներու կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.