ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանեան շարք մը գրախանութներ եւ հրատարակչութիւններ կը պատրաստուին իւրայատուկ անակնկալներով նշելու 19 Փետրուարը՝ Գիրք նուիրելու օրը: Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը աւանդաբար նշուող գիրքի տօնին այս տարի եւս պիտի բաժնուին անվճար գիրքեր, պիտի կազմակերպուին գրականութեան վերաբերող շարք մը նախաձեռնութիւններ:
Գիրք նուիրելու օրը «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնը եւ «Անտարես մեդիա հոլդինգ»ը պիտի նշեն Դիմատետրեան նախաձեռնութեամբ: Դիմատետրի իր-ենց էջերուն վրայ հրատարակչութիւնները տեղադրած են գիրքեր, զորս ընկերային ցանցի օգտատէրերը կրնան տեղադրել իրենց էջերուն վրայ, հաւաքել համապատասխան քանակով «լայք»եր եւ զանոնք ստանալ իբրեւ նուէր: «Մենք մարդկանց գրքեր ենք նուիրում ոչ միայն տօներին, այլեւ տարբեր այլ միջոցառումների ժամանակ: Պարբերաբար գրքեր ենք նուիրում գրադարաններին, դպրոցներին, բուհերին: Այս տարի առաջին անգամ միացել ենք ֆէյսբուքեան ակցիային: Մեր նպատակն է գիրքն աւելի մասսայական դարձնել եւ խթանել ընթերցանութիւնը», դիտել տուած է «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութեան ծրագիրներու ղեկավար Շաւարշ Կարապետեանը:
Այս ծիրին մէջ հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներուն պիտի նուիրէ 110 գիրք՝ ընդհանուր 500 օրինակով: Մօտաւորապէս 100 գիրք նախատեսուած է մանուկներուն համար: Կարապետեան ընդգծած է, որ պիտի նուիրուին արտասահմանեան եւ հայ հեղինակներու տարատեսակ գիրքեր:
«Անտարես» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք մարդոց պիտի նուիրեն 150 գիրք: «Գրքերը հիմնականում գիտական աշխատութիւններ են, հայ եւ համաշխարհային հեղինակների գործեր, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հայ գրողների ստեղծագործութիւններ: Մի քանի օրից կը մեկնարկի «Անտարես»ի մանկական գրքերի ակցիան, որի շրջանակներում մանուկները կը ստանան մօտաւորապէս 200 գիրք: Նման ակցիաները գեղեցիկ աւանդոյթներ են ձեւաւորում եւ ապահովում են նաեւ գրքի հանրաճանաչութիւնը», դիտել տուած է Նիկողոսեան:
Հայկական գրախանութներէն «Բուկինիստ»ը 19 Փետրուարին իր իւրաքանչիւր գնորդին պիտի տրամադրէ նուէր-գիրք, ինչպէս նաեւ զեղչի տոմս: Գրախանութի ծանուցողական բաժինի պատասխանատու Անի Ղազարեան յայտնած է, որ «Բուկինիստ»ի մէջ պիտի կազմակերպուի նաեւ գիրքերու վերաբերող մրցում–խաղ, որուն ընթացքին մարդոց հարցումներ պիտի ուղղուին տարբեր գիրքերու մասին, եւ նուէրներ պիտի տրուին։
Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ «Բուկինիստ» ընկերութիւնը, «Անտարես», «Արեւիկ», «Էդիթ Պրինտ», «Հայագիտակ», «Կռունկ», «æի. Էս. Էմ.» եւ այլ հրատարակչութիւնները յայտարարած են նաեւ «Իմ ամենասիրելի գիրքը» լուսանկարներու մրցում, որուն նպատակը գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնելն է: Մրցումին մասնակիցները պիտի լուսանկարուին իրենց սիրելի գիրքը ձեռքին կամ պարզապէս կը ներկայացնեն զայն: Ամէնէն աւելի լայք հաւաքած 10 լուսանկարներու հեղինակները պիտի ստանան նուէր գիրք: Այլ 10 մասնակիցներ՝ արժանանալով կազմակերպիչներուն հաւանութեան, իրենց գրադարանը պիտի հարստացնեն նուէր գիրքերով։
Նուէր գիրքերու յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ տօնին՝ 19 Փետրուարին, «Բուկինիստ» գրախանութին մէջ: «Լաւագոյն նուէրը գիրքն է» կարգախօսով աշխատող գրախանութը ընթերցասէրներուն պիտի նուիրէ շուրջ 1000է աւելի գիրքեր: «Զանգակ» հրատարակչութիւնը եւս անակնկալներ պատրաստած է իր գնորդներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.