– Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճան Եւրոմիութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիր կնքելու հարցը չի քննարկեր, սակայն կրնայ ռազմավարական գործընկերութեան տարբերակը քննարկել՝ պնդելով, որ կողմերուն միջեւ յարաբերութեան մակարդակը պէտք է ընկերակցութենէն աւելի բարձր ըլլայ:
– Այս շաբթուան ընթացքին Իրան այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առետրական կապերը կ՛ամրապնդուին, որպէսզի կարելի ըլլայ մինչեւ 2015 երկկողմանի առեւտուրին ծաւալը հասցնել 30 միլիառ տոլարի:
– Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի Թուրքիա կատարելիք այս շաբթուան այցելութիւնը ջնջուած է: Որոշումին պատճառները յայտնի չեն:
– Յունուար 29ին, հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին Զահիրիէ շրջանին մէջ գտնուող Մար Ժըրժոս եկեղեցին թիրախ դարձած է ձեռնառումբով յարձակումի մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են երկու քաղաքացիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.