ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռաշա Թուտէյ»ը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը այս շաբթուան ընթացքին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ինքնավարութիւն հռչակած են՝ հակադարձելով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին անկախ պատուիրակութեամբ մը մասնակցելու անոնց պահանջի մերժումին:
Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը վերջերս հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնած էր. «Նման պահու մը, երբ բոլոր կողմերը խորհրդաժողովին կը հրաւիրուին, քիւրտերուն մասնակցութեան պահանջը անտեսուեցաւ»: Հաղորդագրութիւնը նշած էր, որ անտեսումը ցոյց կու տայ, թէ «սուրիական ընդդիմութեան կեցուածքը «Պաաս»ի վարչակարգէն տարբեր չէ: Անոնք քիւրտ ժողովուրդին պահանջները լուրջի չեն առներ, ճիշդ Թուրքիոյ նման»: Հաղորդագրութեան մէջ «Ժընեւ-2» ժողովը կը նմանցուի 1923ի Լօզանի դաշնագիրին, որուն պատճառով քիւրտերը բաժնուեցան չորս երկիրներու՝ Իրանի, Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ, եւ զրկուեցան հայրենիք մը ունենալու իրաւունքէն: «Քիւրտերը Լօզանի արդիւնքներէն մէկ դար տառապեցան: Ուստի, անոնք պիտի չարտօնեն, որ «Ժընեւ-2»ը իրենց համար այլ Լօզան մը ըլլայ», նշուած է հոն:
Քրտական «Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ինքնավարութեան յայտարարութիւնը կատարուած է արեւմտեան Քիւրտիստանի (հիւսիսային Սուրիա) 52 կուսակցութիւններէ, քաղաքացիական կազմակերպութիւններէ, երիտասարդական ու կանանց շարժումներէ ներկայացուցիչներէ ու 15 անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած օրէնսդիր մարմինի մը ժողովէն ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.