ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժումն ու «ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններ իսրայէլեան բուռն հակազդեցութենէն պէտք է զգուշանան, եթէ որոշեն յարձակում գործել»: Նեթանիահու Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըրի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներու յայտնեց, որ «եթէ «Համաս» եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններ իրենց ստացած դասը մոռցած են, անոնց շուտով՝ ուժեղ կերպով պիտի յիշեցնենք»: Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր Կազայէն արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Աշքելոնի մէջ գտնուող դպրոցի մը մօտ, իսկ Սինայի թերակղզիէն երկու այլ հրթիռներ արձակուեցան Հարաւային Իսրայէլի Իլաթ քաղաքին վրայ: Իսրայէլ մէկ օր առաջ օդային յարձակում մը գործած էր Կազայի վրայ՝ հակադարձելով այդտեղէն կատարուած հրթիռարձակումի մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.