ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Չնայած Հալէպի միջազգային օդանաւակայանը վերսկսել է աշխատանքը, Երեւանում «Սիրիական աւիաուղիներ» պետական ընկերութեան ներկայացուցչութիւնը դեռ պաշտօնապէս ծանուցում չի ստացել Երեւան-Հալէպ չուերթի վերսկսման հնարաւորութեան մասին»։ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին ըսած է օդանաւային ընկերութեան երեւանեան գրասենեակի պատասխանատու Սուետլանա Յովհաննիսեանը:
Ան նշած է, որ դէպի Հալէպ օդանաւային հաղորդակցութիւնը դադարած էր մէկուկէս տարի առաջ, իսկ այլ քաղաքներ օդանաւով ուղղուելու կարելիութիւն չէ եղած Յուլիս 2013էն։ «Որպէս այլընտրանք օգտագործւում էր Դամասկոս-Ղամիշլի-Երեւան չուերթը, սակայն առաջին չուերթը կայացել է Ապրիլի 16ին, երկրորդը՝ Յուլիսի 5ին, իսկ դրանից յետոյ Հայաստանի եւ Սիրիայի աւիահաղորդակցութիւնը դադարեցուել է», աւելցուցած է Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ սուրիական բանակին կողմէ ընդդիմութեան գրոհայիններէն յարակից տարածքները մաքրագործելէ ետք, Հալէպի օդակայանը վերսկսած է աշխատանքի 22 Յունուարէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.